Լիոնել Մեսսի Յուսախաբ` «Ֆինալիսեմա»-Ի Ջնջումէն

Արժանթինի ազգային խումբի խմբապետ Լիոնել Մեսսի յուսախաբ եղաւ, երբ «Եու. Է. Էֆ. Ա.» եւ «Քոնմեպոլ» չկրցան յարմար որոշում կայացնել «Ֆինալիսեմա»-ի մրցումին գծով, որ ի վերջոյ ջնջուեցաւ:

Կը սպասուէր, որ հանդիպումը տեղի ունենար 27 մարտին` Քաթարի մէջ, սակայն ի վերջոյ կարելի չեղաւ անոր կայացումը Միջին Արեւելքի մէջ տիրող սուր հակամարտութեան պատճառով:

Ըստ «Ի. Էս. Փի. Էն.»-ի, հակառակ շրջան ընող լուրերուն, թէ Մեսսի ինք պատճառ դարձած է մրցումին ջնջուելուն կամ մրցումի մասնակցութեան մասին բանակցութիւններ կատարած է, խմբապետը կ՛ուզէր 2026-ի Մոնտիալէն առաջ իր 48-րդ տիտղոսը շահիլ, ուստի մրցումին ջնջուիլը իրեն համար տհաճ անակնկալ էր:

 

 

Leave a Comment