Լոնտոնի Չելսի ակումբը կախակայուեցաւ ու առնուազն մէկ տարի որեւէ մարզիկ չի կրնար ձեռք ձգել եւ պիտի վճարէ 10 միլիոն սթերլինկ փաունտ տուգանք:
Պատճա՞ռ… 2011-էն 2018 տարիներուն ակումբը ապօրինի ձեւով դրամ վճարած է միջնորդներու եւ մարզիկներու ոչ պաշտօնական գործակալներու (Ռոման Ապրամովիչի օրերուն):
Այս բոլորը մէջտեղ հանած է այժմու պատասխանատու մարմինը եւ ուշադրութեան յանձնած «Փրեմիեր լիկ»-ի ղեկավարութեան, որ բնականաբար… կախակայեց ակումբը:
Արդէն իսկ քննութիւններ տեղի կ՛ունենային 2022-էն ի վեր, մանաւանդ Ապրամովիչի պահանջով, բան մը, որ «հանգստացուց» բոլոր կողմերը: Հարցերը տեղի ունեցած էին 2011-էն 2018 ժամանակամիջոցին, ուր տրամադրուած գումարներուն մասին Անգլիոյ ֆետերասիոնը մասամբ մը տեղեակ չէր, որովհետեւ պաշտօնապէս ներկայացուած չէր իրենց: 9 ամիսով այլ ակադեմիայի մարզիկներ պէտք չէ ձեռք ձգէ Չելսին, ինչպէս նաեւ մարզիկներ, որոնք վերջին մէկուկէս տարին միացած են Չելսիի ակադեմիային, չեն կրնար մասնակցիլ խումբին խաղերուն: