Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանի Հանրապետութիւն պիտի ուղարկէ խառնածին արագ արձագանգման խումբ` Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն ընդառաջ սպառնալիքները դիմակայելու համար: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց ու անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Քայա Քալլաս:
Ան նշած է, որ Եւրոպական Միութիւնը ատով ընդառաջէ Հայաստանի խնդրանքին:
«Դրացնութեան ժողովրդավարական դիմադրողականութեան աջակցութիւնը կը մնայ կարեւոր: Մենք Հայաստանը մինակ պիտի չձգենք` բախելու արտաքին միջամտութեան: Ճնշման տակ գտնուող ժողովրդավարութիւնները կրնան իրենց յոյսը դնել Եւրոպայի վրայ», ըսած է ան:
«Ազատութիւն»-ը նախապէս հաղորդած էր, որ Եւրոպական Միութիւնը կը քննարկէ նման ծրագիր:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տրամադրութեան տակ յայտնուած Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի նամակէն պարզուած էր, որ Արարատ Միրզոյեանն է, որ Պրիւքսելէն խնդրած է արագ արձագանգման խումբ ուղարկել Երեւան:
Անցեալ դեկտեմբերին Պրիւքսելէն նախ յայտնած էին, որ կը պատրաստուին 12 միլիոն եւրոյի աջակցութիւն տրամադրել Երեւանին, որպէսզի օգնեն «ընտրութիւններուն ընդառաջ հակահարուած տալու ռուսական ապատեղեկատուութեան դէմ»: Աւելի ուշ արդէն Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քալլաս յայտնած էր, որ ինքնին Երեւանը դիմած է աջակցութեան խնդրանքով:
Հայաստանի մէջ խառնածին արագ արձագանգման խումբ տեղակայելու Եւրոպական Միութեան մտադրութիւնը ընդդիմութիւնը նկատած էր միջամտութիւն Հայաստանի ներքաղաքական կեանքին, իսկ իշխանութիւնը` աջակցութիւն, որ պայքարին սպառնալիքներու դէմ:
Արդարադատութեան նախարարութենէն աւելի ուշ աւելցուցած էին, որ Եւրոպական Միութեան խումբը Հայաստան գալու պարագային հիմնականին մէջ Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբին հետ պիտի աշխատի:
Մարդու իրաւունքներու 7 անուանի փորձագէտներ օրերս իրենց փաստահաւաք առաքելութեան նախնական գնահատականին մէջ մտահոգութիւն յայտնած են Հայաստանի մէջ ընտրութիւններուն արտաքին միջամտութեան վերաբերեալ: