«Էն. Պի. Էյ.» Տը Ռոզըն 41 Կէտ Նշանակեց Եւ Քինկզ Յաղթեց

Այս տարեշրջանին Սաքրամենթօ Քինկզ «Էն. Պի. Էյ.»-ի ամէնէն անբախտ խումբերէն մէկն էր:

Տարեշրջանին սկիզբէն մեծ թիւով վիրաւոր մարզիկներ առիթ չտուին, որ խումբը փլէյ օֆի յոյս ունենայ, բայց երէկ Տը Մար Տը Ռոզըն հերոսացաւ` նշանակելով 41 կէտ եւ 11 ռիպաունտ, եւ Քինկզ 116-111 արդիւնքով յաղթեց Եութա Ճեզին:

Այզիաս Սթիվընզ, Տէանտրէ Հանթըր, Տոմանթաս Սապոնիս, Ռասըլ Ուեսթպրուք եւ Զաք Լավին վիրաւոր կը մնան Սաքրամենթոյի կազմէն, որ 18-րդ յաղթանակը տօնեց 51 պարտութիւններու կողքին: Քոտի Ուիլիամս 34 կէտ նշանակեց ի նպաստ Եութա Ճեզի:

Նիւ Եորք Նիքս 110-107 արդիւնքով դժուար յաղթանակ արձանագրեց խումբի մը դէմ, որ մեծ թիւով վիրաւորներ ունի: Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ իր կարգին վիրաւորներու շարք մը ունի Սթեֆ Քըրրիի գլխաւորութեամբ: Ալ Հորֆորտ, Մոզըս Մուտի, Ճիմի Պաթլըր, Տրէյմընտ Կրին եւ Սեթ Քըրրի իրենց կարգին վիրաւոր են:

Ճէյլըն Պրանսըն 30 կէտ նշանակեց ի նպաստ Նիւ Եորքի, մինչ Կոլտըն Սթէյթի լաւագոյն մարզիկն էր Պրենտըն Փոծեմսքի (25 կէտ):

Եաննիս Անթեթոքումփօ 31 կէտ եւ 14 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Միլուոքի Պաքսի, որ 134-123 արդիւնքով յաղթեց Ինտիանա Փէյսըրզին:

Ստորեւ` արդիւնքները.

Օքլահոմա Սիթի Թանտըր – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 116-103
Քլիվլենտ Քեվելիրզ – Տալաս Մեւրիքս 120-130
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 119-108
Միլուոքի Պաքս – Ինտիանա Փէյսըրզ 134-123
Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 109-103
Նիւ Եորք Նիքս – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 110-107
Սաքրամենթօ Քինկզ – Եութա Ճեզ 116-111

Leave a Comment