«Եու. Է. Էֆ. Ա.» շատ հաւանաբար այսօր որոշէ, թէ ի՛նչ ձեւով եւ ո՛ւր տեղի պիտի ունենայ «Ֆինալիսիմա»-ն:
Սկզբունքով Լուսէյլ քաղաքը (Քաթար) պիտի հիւրընկալէր այս մրցումը, որուն ընթացքին աշխարհի եւ հարաւային Ամերիկայի ախոյեան Արժանթին պիտի մրցէր Եւրոպայի ախոյեան Սպանիոյ դէմ, բայց աւելի քան 2 շաբաթ առաջ սկսած պատերազմին պատճառով (Միջին Արեւելքի մէջ) Քաթար, ինչպէս նաեւ շատ մը արաբական երկիրներ յետաձգած էին բոլոր մարզական մրցումները, մանաւանդ որ օդային սահմանները գրեթէ փակ են եւ օդակայանները հազուադէպօրէն կ՛աշխատին:
Արժանթինի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Քլաուտիօ Թափիա վերջերս մեկնաբանած է մամլոյ կարգ մը աղբիւրներու լուրերը, որոնք նշած էին, թէ Մատրիտի «Սանթիակօ Պեռնապէօ» դաշտը պիտի հիւրընկալէր մրցումը:
«Մենք կը բանակցինք Սպանիոյ հետ: Անոնք կը ցանկան, որ «Ֆինալիսիմա»-ն հիւրընկալեն իրենց դաշտին վրայ, իսկ ես կ՛ուզեմ, որ այդ մրցումը կայանայ Պուենոս Այրեսի «Մոնումենթալ» մարզադաշտին վրայ», ըսած է Թափիա:
27 մարտին տեղի ունենալիք մրցումը ըստ երեւոյթին պիտի փոխարինուի երկու մրցումներու երթ ու դարձի բնոյթով, երբ երկու խումբերն ալ անշուշտ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի վերջնական որոշումով կը փափաքին հիւրընկալել մրցումը:
Անորոշութիւն կայ տակաւին, եւ նոյնիսկ կը խօսուի մրցումը Լիզպոնի եւ Լոնտոնի մէջ կատարելու մասին` նկատի ունենալով, որ երկու մրցում կատարելը բաւական անյարմար կրնայ ըլլալ արդէն իսկ շատ «սեղմուած» տարեշրջանի մրցումները խաչաձեւելով: