Շաբաթավերջին տեղի ունեցան Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի 30-րդ հանգրուանի մրցումները:
Առաջին դիրքը գրաւող Արսենալ, որ շատ լաւ արդիւնքներ կ՛արձանագրէ, իր 31-րդ մրցումը կատարեց եւ շատ «թանկագին» յաղթանակ մը արձանագրելով 9 կէտերով հեռացաւ Բ. դիրքը գրաւող Մանչեսթըր Սիթիէն:
Առաջին կիսախաղին մրցակից Էվըրթըն աւելի վտանգաւոր առիթներ ունէր, բայց 89-րդ վայրկեանը կը մօտենար երբ արդիւնքը տակաւին 0-0 է:
Էքուատորցի յետսապահ Փիեռօ Հինքափի փոխանցումէն օգտուելով շուէտացի Վիքթոր Եոքերեշ 89-րդ վայրկեանին նշանակեց Արսենալի առաջին կոլը:
Բ. կիսախաղին (74-րդ վայրկեան) դաշտ ներկայացած միջնապահ Մաքս Տաումեն, որ առաջին կոլին պատրաստութեան մէջ ալ «ձեռք» ունէր, օգտուեցաւ Էվըրթընի եւ Անգլիոյ ազգային խումբի բերդապահ Ճորտըն Փիքֆորտի դիրքէն (յարձակումի դիրքի վրայ կը գտնուէր 97-րդ վայրկեանին քոռնըրի մը ընթացքին) եւ առանձին սուրաց դէպի Էվըրթընի դատարկ բերդը` նշանակելով Արսենալի երկրորդ կոլը:
Տաումէն 16 տարեկան ըլլալով եղաւ «Փրեմիեր լիկ»-ի պատմութեան ամէնէն կրտսեր կոլ նշանակող մարզիկը` մրցանիշ հաստատելով:
Բ. դիրքը գրաւող Մանչեսթըր Սիթի, որ բաւական անյաջող վիճակի մէջ կը գտնուի վերջերս, Ուեսթ Համի դաշտին վրայ չկրցաւ յաղթել եւ 1-1 յուսախաբ արդիւնքով հեռացաւ Լոնտոնէն:
Ուեսթ Համ, որ միայն մէկ առիթ ունէր ամբողջ մրցումին, 1 կէտով հեռացաւ վտանգաւոր դիրքէն (ժամանակաւոր) եւ գրաւեց 17-րդ դիրքը:
31-րդ վայրկանին Պեռնարտօ Սիլվա գեղեցիկ լոպով մը նշանակելէ ետք Սիթիի կոլը, 4 վայրկեան ետք Ուեսթ Համ հաւասարեցաւ` շնորհիւ յետսապահ Քոսթանթինոս Մավրոփանոսի գլխու հարուածին (քոռնըրէ մը ետք):
Մեծ թիւով առիթներ կորսնցուցին Հաալանտ, Նունեշ, Շերքի, Ռէյնտըրզ եւ Կեհի, որոնք շատ հաւանաբար հոգեկան անկում ունեցան քանի մը օր առաջ Ռէալ Մատրիտի դէմ պարտութենէն ետք (3-0):
Թէ Սիթի ինքզինք կրնա՞յ գտնել` հալածելու Արսենալի, թէ՞ վերջինս վերջին տարիներուն նման մակարդակի անկում կ՛ունենայ վերջին կարեւոր 7-8 մրցումներուն, կը գիտնանք յաջորդող շաբաթներուն: