Երէկ առաւօտեան Չինաստանի Շանկհայի կրան փրիին «Մերսետես»-ի վարորդ Քիմի Անթոնելլի, որ օր մը առաջ ամէնէն երիտասարդ փոլ-փոզիշընը կատարող վարորդը դարձած էր, կրցաւ դառնալ պատմութեան 2-րդ ամէնէն երիտասարդ կրան փրի շահող անձը 19 տարեկանին:
Մրցանիշը կը պատկանի Մաքս Վերշթափընի, որ 2016-ին շահած էր իր առաջին կրան փրին` 18 տարեկանին:
Անգամ մը եւս «Մերսետես» փաստեց, որ ամէնէն լաւ ինքնաշարժը ունի (առայժմ) եւ առաջին երկու դիրքերը գրաւեց:
Մրցումին ազդանշանին 7 անգամ աշխարհի ախոյեան Լուիս Համիլթըն 3-րդ դիրքէն հասաւ առաջին` իր «Ֆեռարի»-ով, բայց «Մերսետես» 2-րդ շրջանին կրցաւ վերատիրանալ առաջին դիրքին` շնորհիւ Անթոնելիի: Անցեալ տարուան ախոյեան ինքնաշարժ «Մաքլարեն»-ի երկու վարորդները Նորիս եւ Փիասթրի, մրցումին սկիզբէն ելեկտրականական հարցեր ունենալով չմասնակցեցան, մինչ Վերշթափըն 6-րդ դիրքէն ստիպուեցաւ լքել մրցումը, երբ ինքնաշարժը հարցեր ունեցաւ:
Առաջին կրան փրիին (Աւստրալիա) նման «Մերսետես»-ի զոյգին յաջորդեց «Ֆեռարի»-ի զոյգը: