Ամբարձումով Կը Փայլի – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Ռուսիոյ ֆութպոլի երիտասարդական ախոյեանութեան գծով Կրասնոտար – Ռոստով (19 տարեկանէն վար խումբեր) մրցումին հերոսն էր Կրասնոտարի յառաջապահ Դանիէլ Ամբարձումով, որուն խումբը 5-3 արդիւնքով յաղթանակ տարաւ:

Ամբարձումով, որ իր նախկին մրցումին ալ կրցած էր կոլ նշանակել, երկու կոլ նշանակեց Ռոստովի բերդին մէջ եւ երկու այլ կոլերու ալ էսիսթ տուաւ:

Ռոստովի խումբէն Դաւիթ Բատոյեան իր կարգին էսիսթ մը կատարեց: Երկու հայ մարզիկներն ալ մօտ օրէն կրնան մեկնիլ Թուրքիա` Հայաստանի երիտասարդներու ազգային խումբին միանալու, որ Եւրոպայի ախոյեանութեան զտումի մրցումներ պիտի ունենայ Քոսովոյի, Ճիպրալթարի եւ հիւրընկալ Թուրքիոյ դէմ, 24-էն 30 մարտին:

 

 

Leave a Comment