Ըմբշամարտ. Արամայիս Յարութիւնեան` Եւրոպայի Ախոյեան

Ըմբշամարտի Եւրոպայի 23 տարեկանէն վար ախոյեանութեան, յունահռոմէական ոճի մրցումներուն ծիրին մէջ տեղի ունեցան 55, 63, 77, 87 եւ 130 քկ կշիռի մրցումները:

Սերպիոյ Զրենեանին քաղաքին մէջ տեղի ունեցող այս ախոյեանութեան առաջին երկու օրերուն, Հայաստանի հաւաքականի կազմէն ախոյեան դարձաւ Արամայիս Յարութիւնեան (130 քկ), արծաթէ մետալակիր դարձաւ Սամուէլ Տէրտէրեան (77 քկ), իսկ պրոնզէ մետալակիր` Մանուէլ Խաչատրեան (55 քկ):

Արամայիս Յարութիւնեան մինչեւ աւարտական դուրս ձգած էր Լէոնհարտ Եունկերը (Աւստրիա), Ալեքսանտր Մելիխովը (Ռուսիա) եւ Իւան Եանքովսքին (Ուքրանիա)` 5-0, 4-1 եւ 6-0 արդիւնքով:

Աւարտականի մրցակիցը աշխարհի ախոյեան (20 տարեկանէն վար), ինչպէս նաեւ երեք անգամ Եւրոպայի ախոյեան հունգարացի Լասլօ Տարապոշն էր, որ դժուար մրցակից կը նկատուէր:

Պէտք է ըսել, որ մրցումը եղաւ բաւական հաւասարակշռուած, բայց հայ ըմբիշը չնչին առաւելութեամբ կրցաւ գերազանցել իր մրցակիցը` դառնալով Եւրոպայի ախոյեան եւ շահելով իր ասպարէզի առաջին միջազգային մետալը:

77 քկ կշիռի ըմբիշ Սամուէլ Տէրտէրեան մինչեւ աւարտական մրցում դուրս ձգած էր Տոմինիք Պոթոշը (Հունգարիա), աշխարհի ախոյեան Իրֆան Միրզոյեւը (Ուքրանիա) եւ Եւրոպայի ախոյեան Ալեքսանտրոս Սոլովէն (Մոլտովա):

Աւարտականին 19 տարեկան ՏԷրտէրեան 1-1 արդիւնքով հաւասարութեամբ աւարտեց ռուս մրցակից Դանիէլ Գրիգորեւին դէմ մրցումը, բայց իր մրցակիցը ոչինչ առաւելութիւն ունենալով դարձաւ ոսկի մետալակիր:

60 քկ կշիռի մրցումներուն աւարտական հասած էր Սուրէն Աղաջանեան Կէորկի Կոչալիծէի (Վրաստան) դէմ, մինչ պրոնզէ մետալներու համար պիտի մրցին Եուրիկ Յովէեան (67 քկ) եւ Աշոտ Խաչատրեան (72 քկ):

 

Leave a Comment