21 տարեկան հայ մարտիկ Սպարտակ Միքայէլեան փայլուն ձեւով սկսաւ իր արհեստավարժ ասպարէզը:
Լաս Վեկասի մէջ տեղի ունեցած «Թաֆ-Էն-Աֆ» 152 մրցաշարքին ան հաստատ յաղթանակ տարաւ փորձառու ամերիկացի Վիքթոր Ռաքլիֆի դէմ:
Մենամարտը երկրորդ ռաունտին վերջ գտաւ, երբ Միքայէլեան խեղդելու հնարքով ստիպեց իր մրցակիցին, որ յանձնուի:
Արհեստավարժ «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի ասպարէզ չմտած, Միքայէլեան շատ յաջող ելոյթներ կ՛ունենար ոչ արհեստավարժ ասպարէզին մէջ: Ան Հայաստանի հաւաքականը կը ներկայացնէր «Այ. Էմ. Էյ. Էֆ.» մրցաշարքերուն, ուր դարձած էր թէ՛ աշխարհի, թէ՛ երիտասարդական դասակարգի, թէ՛ ալ մեծերու ախոյեան:
Լէոն Շահպազեան իր կարգին հանգիստ յաղթանակ մը տարաւ Ռոպերթ Հէյլի դէմ: Մենամարտը առաջին ռաունտին իսկ վերջ գտաւ, երբ Լէոն զայն սեղմելով ցաւցնող հնարքով ստիպեց Հէյլին, որ յանձնուի:
Շահպազեանի յաջորդական 4-րդ յաղթանակն էր (իր ասպարէզի 12-րդը), որոնք բոլորն ալ վերջ գտան առաջին ռաունտին իսկ` «սապմիշըն»-ով:
Եթէ Լէոն Շահպազեան նոյն ընթացքով շարունակէ, ան կրնայ միանալ իր եղբօր` Էդմեն Շամպազեանի, որ արդէն իսկ «Եու. Էֆ. Սի.»-ի մարզիկ է:
«Եու. Էֆ. Սի.»-ն կը նկատուի աշխարհի ամէնէն ուժեղ լիկան` խառն մենամարտերու գծով: