Ուիթքոֆ. «Իսրայէլի Մէջ Քննարկելիք Շատ Բան Ունինք, Ներառեալ Իրանի Եւ Լիբանանի Մասին»

Միջին Արեւելքի հարցով ամերիկացի յատուկ պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ յայտնեց. «Տակաւին Իսրայէլ այցելութեանս վերջին դասաւորումները չկատարուեցաւ, եւ շատ բան ունինք քննարկելիք, ներառեալ Իրանի եւ Լիբանանի մասին»:

Ուիթքոֆ «Նիուզմաքս»-ի հետ զրոյցի ընթացքին խօսելով պատերազմէն առաջ բանակցութիւններու վերջին փուլի մասին ըսաւ. «Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչին վերջին բանակցութիւններուն ընթացքին սկսաւ պոռալ, եւ առաջարկեցինք դադար առնել մեր խումբին հետ համակարգում կատարելու համար»:

«Երբեք չզգացինք, թէ Արաղչին որոշում տալու լիազօրութիւն ունի, եւ այդ լիազօրութիւնը կիրարկելու պատրաստակամութիւն ցոյց չտուաւ», աւելցուց ամերիկացի պատուիրակը:

«Զինուորական գործողութենէն առաջ իրանցիներուն հետ (բանակցութիւններու) 6 փուլ կատարեցինք, եւ անոնք կը պնդէին, թէ պատրաստ են զիջումներ կատարելու, սակայն առանց շօշափելի փաստի», յայտնեց Ուիթքոֆ:

 

 

Leave a Comment