Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց երէկ յայտարարեց. «Իրանի դէմ պատերազմը պիտի շարունակուի անորոշ ժամանակով»:
Ապահովական աղբիւր մը իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Պատերազմին վերջ տալու որոշակի ժամկէտ կամ յստակ արժեչափ չկայ, որովհետեւ անիկա փոփոխութեան ենթարկուող նպատակ է եւ ոչ թէ ամբողջական յաղթանակ»:
Իսրայէլացի նախարարներ իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին. «Իրանեան վարչակարգի տապալումը կրնայ ամբողջ տարի մը տեւել»:
Իսրայէլացի պաշտօնատար մը իր կարգին «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Հաստատ չէ, թէ Իրանի դէմ պատերազմը անոր վարչակարգի տապալման պիտի յանգեցնէ»:
Ամերիկեան աղբիւրներ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին յայտնած են. «Իրանի յարձակողական հակադարձութիւնը Ուաշինկթընին ստիպեց բարեփոխել ծրագիրները եւ շրջանին մէջ իր դեսպանատուներու անձնակազմերը հեռացնել»:
«Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ պատերազմի յաջողութիւնը հաստատեց, մինչ անոր խորհրդականները կը խուսափին Իրանի մէջ գործողութիւններու բարդանալուն վերաբերեալ իրենց մտավախութիւններուն մասին անոր յայտնելէ», նշեց օրաթերթը:
«Հանրապետականները մտահոգուած են միջանկեալ ընտրութիւններէն առաջ քարիւղի գիներու բարձրացման իրենց յաջողութեան վրայ ունենալիք ազդեցութեամբ», աւելցուց «Նիւ Եորք Թայմզ»:
Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ղեկավարներուն հետ դռնփակ ժողովի ընթացքին յայտնած է, թէ Իսրայէլ կը գործէ այն ենթադրութեամբ, թէ պատերազմը փոխան օրերու քանի մը շաբաթ պիտի տեւէ:
Քանատայի վարչապետ Մարք Քառնի նշեց. «Մենք մասնակից չենք Իրանի դէմ ամերիկեան-իսրայէլեան յարձակումին եւ երբեք անոր պիտի չմասնակցինք»:
Իտալիոյ վարչապետ Ճորճիա Մելոնի յայտնեց. «Իրանին չենք կրնար արտօնել հիւլէական զէնքեր եւ Եւրոպան հարուածելու կարող հրթիռներ ունենալ»:
«Ծոցի երկիրներուն օդային պաշտպանութեան համակարգեր կը մատակարարենք», նշեց Մելոնի:
Ռումանիոյ նախագահ Նիքուսոր Տան յայտարարեց. «Վառելանիւթի մատակարարման, հսկողութեան սարքերու եւ արբանեակներու ճամբով հաղորդակցութեան համակարգերու ամերիկեան օդանաւերը կրնան Իրանի վրայ յարձակումի ընթացքին ռումանական ռազմակայանները օգտագործել»:
Նախքան այդ, Ռումանիոյ պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը ընդունեց այդ առնչութեամբ ամերիկեան դիմումը:
Իրաքի մէջ Իսլամական Դիմադրութիւնը յայտարարեց, թէ վերջին 24 ժամուան ընթացքին Իրաքի եւ շրջանին մէջ «բռնագրաւումի ռազմակայաններուն դէմ» անօդաչու թռչող սարքերով եւ հրթիռներով 31 գործողութիւն կատարած է:
«Խաթեմ Անպիա» կեդրոնի բանբերը յայտարարեց, թէ Իսրայէլ երեքշաբթի գիշեր իրանեան դրամատուներէն մէկը հարուածած է:
Ան նշեց, որ դրամատան վրայ յարձակումը «մեզի կ՛արտօնէ շրջանին մէջ իսրայէլեան եւ ամերիկեան տնտեսական հաստատութիւնները թիրախաւորել»:
Իրան Պահանջներ Ներկայացուցած Է
«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Իրան իր պահանջները ներկայացուցած է Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցային հոլովոյթը վերականգնելու համար:
Թեհրան կը մերժէ բանակցութիւններուն մէջ որեւէ միջնորդի մասնակցութիւնը` պահանջելով որոշակի պայմաններու խիստ պահպանում:
«Իրան մինչեւ հիմա կը մերժէ զինադադարի հասնելու ուղղութեամբ բոլոր միջնորդական ջանքերը, որովհետեւ յառաջ կը քաշէ պայմաններ եւ կը պահանջէ իրական երաշխիքներ», կը հաղորդէ «Մայատին»:
Հիմնական պահանջներու շարքին են` Իրանի դէմ զինուորական գործողութիւններու դադրեցման երաշխիք, վնասի փոխհատուցում, սեփական հիւլէական վառելանիւթը ազատօրէն զարգացնելու իրաւունք:
Արաղչի. «Սուտ Է Այն Խօսքը, Թէ Իրան Մտադիր Էր Ամերիկայի Վրայ Յարձակում Գործել»
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտնեց, որ այն պնդումը, թէ Իրան կը ծրագրէ Միացեալ Նահանգներուն կամ անոր ուժերուն դէմ յարձակիլ, ըլլայ այդ կանխարգելիչ կամ կանխիկ պաշտպանուելու համար, լիակատար սուտ է:
Ան ըսաւ, որ այս սուտին միակ նպատակը «հսկայական սխալ» գործողութիւնը արդարացնելն է, եւ անիկա ձախող արկածախնդրութիւն մըն է, որ Իսրայէլ կազմակերպեց, եւ ամերկիացի պարզ քաղաքացիները կը ֆինանսաւորեն:
Մեկնաբանելով իսրայէլեան լրատուամիջոցներու վրայ զինուորական գրաքննութեան մասին տեղեկութիւնները` Արաղչի խօսքը իսրայէլացիներուն ուղղելով նշեց. «Նեթանիահուն չ՛ուզեր, որ տեսնես, թէ իրանեան հզօր զինեալ ուժերը ինչպէ՛ս Իսրայէլը կը պատժեն իր յարձակումին համար»:
«Ահաւասիկ գետնի վրայ գտնուող մեր տղաքն ու կիները ինչ կը փոխանցեն. մեր հրթիռները հսկայական քանդումի պատճառ դարձած են, ղեկավարները սարսափի մէջ են, օդային պաշտպանութեան համակարգերը իրարանցումի մէջ են, եւ մենք տակաւին սկիզբն ենք», աւելցուց ան:
Փեքին. «Աշխատանք Կը Տանինք Միջին Արեւելքի Մէջ Կացութիւնը Հանդարտեցնելու»
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին նշեց. «Աշխատանք կը տանինք Միջին Արեւելքի մէջ կացութիւնը հանդարտեցնելու»:
«Իրանի դէմ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի պատերազմը ոչ ոքի կը ծառայէ», աւելցուց բանբերը:
«Բանակցութիւններու ընթացքին Իրանի դէմ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի պատերազմը կ՛ոտնահարէ միջազգային օրէնքը, պետութիւններուն գերիշխանութիւնն ու անոնց հողային ամբողջականութիւնը», ըսաւ ան:
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը կոչ ուղղեց` Միջին Արեւելքի մէջ զինադադար հաստատելու եւ երկխօսութեան ու բանակցութեան վերադառնալու:
«Պիտի ամրապնդենք բոլոր կողմերուն հետ հաղորդակցութիւնը` կացութիւնը հանդարտեցնելու եւ Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութիւնը վերականգնելու համար», շեշտեց Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Փեքին նաեւ ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Միջին Արեւելքի մէջ ԹԱԱՏ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգի տեղակայման դէմ է:
«Չինաստան համաձայն չէ Ծոցի երկիրներուն դէմ յարձակումներուն եւ կը դատապարտէ քաղաքայիններուն եւ ոչ զինուորական թիրախներու վրայ բոլոր անկանոն յարձակումները», նշեց Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Էրտողան Կոչ Կ՛ուղղէ Միջին Արեւելքի Պատերազմը Դադրեցնելու
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կոչ ուղղեց Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմը դադրեցնելու «նախքան ամբողջ շրջանին բռնկիլը»` միեւնոյն ժամանակ զգուշացնելով միջազգային տնտեսութեան անոր պատճառած հետզհետէ աճող վնասներէն:
Էրտողան իր կուսակցութեան` Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան երեսփոխաններուն առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ նշեց. «Պէտք է պատերազմը դադրեցնենք, նախքան անոր ծիրի մեծապէս ընդլայնիլն ու ամբողջ շրջանին բռնկիլը»:
Ան զգուշացուց, որ եթէ պատերազմը շարունակուի, կեանքի եւ կալուածներու յաւելեալ կորուստներ պիտի արձանագրուին, եւ համաշխարհային տնտեսութեան վրայ անոր գինը պիտի աճի:
Մետվետեւ. «Վստահ Եմ, Որ Ռուսիան Եւ Իրանը Պիտի Շարունակեն Ազդու Գործակցութիւնը»
Ռուսիոյ Ազգային անվտանգութեան փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւ Իրանի դէմ շղթայազերծուած պատերազմը որակեց «դաւաճանական եւ անհիմն զինեալ յարձակում»: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ան այս մասին յայտարարած է Իրանի նորընտիր գերագոյն հոգեւոր պետ սէյիտ Մոջթաբա Խամենէիին ուղղուած շնորհաւորական նամակի մը մէջ:
«Վստահ եմ, որ Ռուսիան եւ Իրանը պիտի շարունակեն իրենց ազդու գործակցութիւնը, հակառակ արտաքին ճնշումներուն», ըսաւ ան:
«Իրանցի ժողովուրդին քաջութիւն եւ տոկունութիւն կը մաղթեմ հայրենիքի գերիշխանութեան համար հերոսական պայքարին մէջ», նշեց Մետվետեւ:
Իրանեան Ոստիկանութիւնը Կը Զգուշացնէ
Իրանեան ոստիկանութեան պետ Ահմետ Ռեզա Ռատան զգուշացուց երկրին թշնամիներուն դիրքորոշումներուն զօրակցող ցուցարարները, թէ իշխանութիւնները անոնց հետ այդ հիմամբ պիտի վարուին:
«Եթէ ոեւէ մէկը թշնամիի ցանկութիւններուն համապատասխան գործէ, մենք այլեւս զինք պարզապէս ցուցարար պիտի չնկատենք, այլ թշնամի», շեշտեց ոստիկանապետը:
«Մեր բոլոր ուժերը նոյնպէս բարձր մարտական պատրաստութեան մէջ են` մատները բլթակի վրայ, պատրաստ` պաշտպանելու իրենց յեղափոխութիւնը», աւելցուց ան:
Տնտեսական Հետեւանքներ
Ամերիկեան «Սի.Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանը նաւարկման տուեալներ վկայակոչելով հաղորդեց, թէ Իրան միլիոնաւոր տակառներով քարիւղ կ՛արտածէ Հորմուզի նեղուցին ճամբով` հակառակ նեղուցին մէջ նաւարկման խոչընդոտումին»:
«Իրան պատերազմի սկիզբէն ի վեր 11 միլիոն տակառ քարիւղ արտածեց, եւ այդ բոլորը` Չինաստանին», նշեց պատկերասփիւռի կայանը:
Աղբիւրներ «Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ 8 մարտէն ի վեր Հորմուզի նեղուցէն անցած են 7 քարիւղատարներ, որոնց 5-ը իրանեան քարիւղ փոխադրած են:
Բրիտանական առեւտրական նաւարկումի մարմինը հաղորդեց, որ բեռնատար նաւ մը Հորմուզի նեղուցէն նաւարկման ընթացքին ստացած է անծանօթ ռումբի հարուած մը, որուն հետեւանքով անոր վրայ հրդեհ ծագած է:
Նաւը օգնութիւն խնդրած է, եւ անոր անձնակազմը անկէ հեռացած է:
Պաշտօնատարներ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին յայտնեցին, թէ Ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը առաջարկած է իր պատմութեան մէջ քարիւղի մեծագոյն չափով պահեստները շրջանառութեան մէջ դնել` գիները նուազեցնելու համար»:
Պաշտօնատարները աւելցուցին, որ քարիւղի գինը նուազեցնելու համար գործակալութեան առաջարկած քանակը աւելի քան 182 միլիոն տակառ է:
Գերմանական կառավարութենէն աղբիւր մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Գերմանիան իր քարիւղի ռազմավարական պահեստներու մէկ մասը պիտի օգտագործէ ուժանիւթի գիներու բարձրացման դէմ պայքարելու համար:
Ճափոնի վարչապետ Սանայ Թաքայիչի յայտարարեց, թէ իր երկիրը պիտի սկսի երկուշաբթի օրուընէ օգտագործել իր քարիւղի պահեստները` նուազեցնելու համար պենզինի եւ ուժանիւթի այլ աղբիւրներու գիները:
«Պլումպըրկ» հաղորդեց, որ Սէուտական Արաբիան իր քարիւղի արտահանումը նուազեցուցած է օրական 2 միլիոն տակառէն 2,5 միլիոն տակառի միջեւ, իսկ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները իրենց կարգին քարիւղի իրենց արտահանումը նուազեցուցած են 500 հազար տակառէն 800 հազար տակառի միջեւ:
Լաւատեղեակ աղբիւրներ լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ Քուէյթ եւս քարիւղի իր արտահանումը նուազեցուցած է օրական կէս միլիոն տակառով, իսկ Իրաքի կրճատումները հասած են օրական շուրջ 2,9 միլիոն տակառի:
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ պատերազմի պատճառով քարիւղի գիները աւելի քան 5 առ հարիւրի աճ արձանագրած են:
«Ռոյթըրզ» հաղորդեց, որ օմանեան ՕՔԻՕ ընկերութիւնը յայտարարեց Պանկլատեշի «Փեթրոպանկլա» ընկերութեան բնական կազի մատակարարման մէջ անյաղթահարելի արգելքի մասին:
Ընկերութիւնը այդ մէկը բացատրեց Իրանի դէմ Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ պատերազմի պատճառով Քաթարի կողմէ մատակարարման խափանումներով:
Աղբիւրներէն մէկը լրատու գործակալութեան աւելցուցած է, թէ Փեթրոպանկլան այժմ ՕՔԻՕ-էն ամսական բնական հեղուկ կազի մէկ խմբաքանակ պիտի ստանայ:
Աղբիւրներ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ին յայտնեցին, որ «Շել» ընկերութիւնը եւս դէպի Ասիա կազի կարգ մը մատակարարումներու մէջ անյաղթահարելի արգելքի իրավիճակ յայտարարած է:
Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցութաքիս յայտարարեց, թէ վառելանիւթի վաճառքէն գոյացած շահին նշաձող ճշդուած է` շահագործումները կանխարգիլելու համար:
Թեհրանի մէջ «Խաթեմ Անպիա» կեդրոնի բանբեր Իպրահիմ Զուլֆիքարի շեշտեց, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի չկարողանան քարիւղի գինը վերահսկողութեան տակ պահել:
«Պիտի չարտօնենք, որ մէկ լիթր քարիւղ հասնի Ամերիկա, սիոնականներուն եւ անոնց դաշնակիցներուն, եւ որեւէ նաւ կամ քարիւղատար, որ իրենց մօտ կ՛ուղղուի, օրինական թիրախ պիտի ըլլայ», աւելցուց ան:
«Պատրաստուեցէք քարիւղի տակառի գինին 200 տոլարի հասնելուն, որովհետեւ քարիւղի գինը կախեալ է շրջանային անվտանգութենէն, որուն կայունութիւնը քայքայեցիք», շեշտեց ան:
«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը հաղորդեց, որ քարիւղի մէկ տակառի գինը անգամ մը եւս հասած է 90 տոլարի: