Պենեթ. «Իսրայէլ Իրանէն Ետք Կրնայ Թուրքիոյ Դէմ Պատերազմ Շղթայազերծել»

Իսրայէլի նախկին վարչապետ Նաֆթալի Պենեթ յայտնեց, թէ Իսրայէլ Իրանէն ետք կրնայ Թուրքիոյ դէմ պատերազմ շղթայազերծել, եթէ վերջինս փորձէ իսլամական որեւէ դաշինք կազմել:

Նշելէ ետք, թէ իսլամական որեւէ դաշինք ինքնաբերաբար ահաբեկչական արարք եւ Իսրայէլի սպառնալիք պիտի նկատուի, ան շեշտեց. «Ձեռնածալ պիտի չմնանք»:

Պենեթ նախապէս եւս զգուշացուցած է Սէուտական Արաբիան Իսրայէլի դէմ լարելու եւ հիւլէական զէնքով զինուած Փաքիստանը ներառող «սիւննիական թշնամական առանցք» ստեղծելու Թուրքիոյ ջանքերէն:

Իսրայէլի նախկին վարչապետը յայտնեց, որ թրքական նպատակը ստեղծելն է դաշինքի ցանց մը, որ կը սպառնայ Իսրայէլի անվտանգութեան:

Leave a Comment