Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց. «Հաւանական է, որ Իրանի հետ խօսիմ»:
Երէկ «Ֆոքս Նիուզ»-ի հետ իր զրոյցէն առաջ Թրամփ յայտնեց. «Իրանը մահուան, կրակի եւ զայրոյթի պիտի բախի, եթէ Հորմուզի նեղուցով քարիւղի հոսքը դադրեցնելու որեւէ քայլ ձեռնարկէ»:
«Եթէ Իրան Հորմուզի նեղուցով քարիւղի հոսքը դադրեցնէ, պիտի քանդենք թիրախներ, զորս քանդելը դիւրին է, ինչ որ անոնց վերակառուցումը անկարելի պիտի դարձնէ», նշեց ան:
«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը հաղորդեց, թէ Թրամփի կարգ մը խորհրդականները գաղտնաբար զինք յորդորած են Իրանի պատերազմէն դուրս գալու ծրագիր մը որոնելու` մեկնելով այն մտավախութենէն, որ երկարատեւ հակամարտութիւն մը կրնայ քաղաքական ժխտական հակազդեցութիւններու արժանանալ:
Լաւատեղեակ աղբիւրներ օրաթերթին ըսած են, թէ Թրամփի կարգ մը խորհրդականները վերջին օրերուն զինք քաջալերած են Միացեալ Նահանգները պատերազմէն դուրս բերելու ծրագիր մշակելու եւ փաստելու, թէ բանակը մեծապէս իրագործած է իր նպատակները:
Սպիտակ տան բանբեր Քարոլայն Լեւիթ ժխտեց օրաթերթին հաղորդած լուրը` նշելով. «Ասիկա անյայտ աղբիւրներու կողմէ դատարկաբանութեամբ լեցուն պատմութիւն է»:
«Նախագահի բարձրաստիճան օգնականները տեւաբար կեդրոնացած են երաշխաւորելու, որ «Դիւցազնական զայրոյթ» գործողութիւնը փայլուն յաջողութիւն արձանագրէ, եւ վերջաւորութեան զինեալ ուժերու գերագոյն հրամանատարը պիտի ճշդէ այս գործողութիւններուն աւարտը», նշեց Լեւիթ:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը, իր տեղեկութիւնը քաղելով լաւատեղեակ աղբիւրներէ, հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակը կը գործէ այն վարկածով, որ Թրամփ կրնայ որեւէ պահու հրամայել պատերազմը դադրեցնել:
Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Լարիժանի անուղղակի կերպով Թրամփին հակադարձելով նշեց. «Հորմուզի նեղուցը կա՛մ բոլորին ելքի նեղուց մը կ՛ըլլայ, կա՛մ ալ պատերազմներ երազողներուն խեղդման նեղուցի կը վերածուի»:
«Հորմուզի նեղուցին մէջ անվտանգութեան հաստատումը բացառուած է, այնքան ատեն որ կը շարունակուի պատերազմը, որ սկսաւ Թեհրանի դէմ ամերիկեան-իսրայէլեան յարձակումով», յայտնեց ան:
«Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի շրջանին մէջ բռնկեցուցած պատերազմի փողերու լոյսին տակ Հորմուզի նեղուցին մէջ որեւէ անվտանգութեան գոյութիւնը բացառուած է, մանաւանդ եթէ ատիկա ծրագրումովն է կողմերու, որոնք այս պատերազմին կ՛աջակցին եւ անոր յաջողութեան կը նպաստեն», ըսաւ Լարիժանի:
Փեքին. «Հորմուզի Նեղուցի Անվտանգութեան Պահպանումը Միջազգային Ընտանիքին Հասարակաց Շահերէն Կը Բխի»
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Հորմուզի նեղուցի անվտանգութեան պահպանումը միջազգային ընտանիքի հասարակաց շահերէն կը բխի:
Նախարարութիւնը աւելցուց, որ Միջին Արեւելքի հարցով իր յատուկ բանագնացը դիւանագիտական ընթացող ջանքերու ծիրին մէջ այժմ շրջանին մէջ շրջապտոյտ կը կատարէ:
«Ներկայ փուլին Փեքինի առաջնահերթութիւնը զինուորական հակամարտութեան դադրեցման օգնելն է», նշեց Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Լաւրով. «Ռուսիան Պատրաստ Է Աջակցելու Իրանի Շուրջ Կացութիւնը Քաղաքական–Դիւանագիտական Կարգաւորման Հուն Վերադարձնելուն»
Երէկ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն տեղի ունեցած է: Այս մասին կը հաղորդէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Շարունակուած է միտքերու փոխանակումը Միջին Արեւելքի մէջ ստեղծուած կացութեան շուրջ:
Լաւրով վերստին յայտնած է սկզբունքային դիրքորոշում` յօգուտ մագլցումի շուտափոյթ մեղմացման եւ իրավիճակը քաղաքական-դիւանագիտական կարգաւորման հուն վերադարձնելուն, ինչին ռուսական կողմը անփոփոխ պատրաստ է աջակցիլ` պատշաճ կերպով հաշուի առնելով Իրանի եւ շրջանի անոր դրացիներուն անվտանգային շահերը:
Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով իր կարգին յայտարարեց. «Իրանեան խնդիրի կարգաւորման այն առաջարկները, զորս նախագահ Փութին ներկայացուցած էր, կը շարունակեն ուժի մէջ մնալ»:
«Տակաւին մինչեւ իրանեան հակամարտութեան զինուորական փուլի մեկնարկը նախագահ Փութին ներկայացուցած էր տարբերակներ եւ լաւ առաջարկներ, որոնք պիտի արտօնէին նուազեցնել լարուածութիւնը: Մէկ օր առաջ Ռուսիոյ նախագահը ըսած է, որ այդ առաջարկներէն շատերը տակաւին սեղանի վրայ են: Ռուսիան պատրաստ է եւ ուրախ պիտի ըլլայ առաւելագոյն օժանդակութիւն ցուցաբերելու», նշեց Քրեմլինի բանբերը:
Հեկսեթ. «Իրան Առանձին Կանգնած Է Եւ Չարաչար Պարտութեան Կ՛ենթարկուի»
Միացեալ Նահանգներու պատերազմի նախարար Փիթ Հեկսեթ յայտնեց. «Իրանցիները ժամանակի հետ կը մրցէին հիւլէական զէնք ձեռք ձգելու եւ աշխարհը պատանդ վերցնելու համար»:
«Իրան առանձին կանգնած է եւ չարաչար պարտութեան կ՛ենթարկուի», նշեց Հեկսեթ:
«Իրանի դէմ յաղթանակ կ՛արձանագրենք օդային տարածքին տիրապետելով եւ գործադրելով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի որոշումները», ըսաւ Միացեալ Նահանգներու պատերազմի նախարարը:
«Վերջին քսանչորս ժամուան ընթացքին Իրանէն նուազ համեմատութեամբ հրթիռարձակում տեսանք», յայտնեց Հեկսեթ` աւելցնելով. «Իրանի դէմ այսօրուան հարուածները աւելի բուռն պիտի ըլլան»:
Սպիտակ տան բանբեր Քարոլայն Լեւիթ իր կարգին յայտարարեց. «Իրանի վրիժառական յարձակումները 90 առ հարիւրով նուազեցան հրթիռային կարողութիւններու քանդման պատճառով»:
Ղարիպ Պատի. «Որեւէ Զինադադար Կամ Պատերազմի Աւարտ Պէտք Է Իրանի Վրայ Յարձակումները Չկրկնելու Խոստումներ Պարունակէ»
Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Քազեմ Ղարիպ Պատի իրանեան «Շարք» օրաթերթին յայտնեց. «Որեւէ զինադադար կամ պատերազմի աւարտ պէտք է Իրանի վրայ յարձակումները չկրկնելու խոստումներ պարունակէ»:
Ան զգուշացուց, որ այդպիսի երաշխիքներու բացակայութիւնը զինադադարի մասին խօսակցութիւնը անիմաստ կը դարձնէ:
Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարարը շեշտեց, որ իր երկիրը պատերազմը սկսող կողմը չէր, եւ իր երկրին գործած հրթիռային յարձակումները օրինական ինքնապաշտպանութեան ծիրին մէջ են` հիմնուելով ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան 51-րդ յօդուածին վրայ:
Պատի յայտնեց, որ վերջին քանի մը օրուան ընթացքին շրջանային շարք մը երկիրներու կողքին Չինաստանի, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի ղեկավարութեամբ դիւանագիտական աշխուժ ջանքեր ի գործ դրուած են միջնորդութիւն կատարելու եւ առնչակից կողմերուն տեսակէտները մերձեցնելու համար:
Քալիպաֆ. «Թեհրան Զինադադարի Չի Ձգտիր»
Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆ յայտարարեց, թէ Թեհրան համաձայն չէ եւ չի ձգտիր զինադադարի, որովհետեւ կը հաւատայ, թէ անհրաժեշտ է յարձակողին տալ այնպիսի դաս, որ չմտածԷ կրկին յարձակում գործելու մասին:
«Սիոնական գոյացութիւնը իր ամօթալի գոյութեան շարունակութիւնը կը տեսնէ պատերազմի ոլորապտոյտի շարունակումով, ապա բանակցութիւններով, ապա զինադադարով, ապա իր տիրապետութիւնը ամրապնդելու համար անգամ մը եւս պատերազմով: Այս շրջանակը պիտի բեկանենք», աւելցուց Քալիպաֆ:
Իրանի Փոխնախագահ. «Բարի Դրացնութեան Կը Հաւատանք, Սակայն Մեր Գերիշխանութիւնը Մեր Վրայ Յարձակումէ Կը Պաշտպանենք»
Իրանի փոխնախագահ Մոհամետ Ռեզա Արեֆ «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Պատերազմը որեւէ պետութեան ուզածը չէ, եւ քաղաքային շրջաններուն վրայ անոր հետեւանքները ծանր են»:
«Պիտի շարունակենք մեր երկիրը պաշտպանել, որովհետեւ ատիկա մեր օրինական պարտաւորութիւնն է», ըսաւ ան:
«Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան նշեց, որ լուծումը բանակցութիւններու ճամբով է», նշեց Արեֆ:
«Բարի դրացնութեան կը հաւատանք, սակայն մեր գերիշխանութիւնը կը պաշտպանենք մեր վրայ յարձակումէ», շեշտեց Իրանի փոխնախագահը:
«Իրանցիները իրենց երկիրն ու անոր գերիշխանութիւնը պաշտպանելը պարտաւորութիւն կը նկատեն, եւ ոեւէ ղեկավար այդ մէկը պիտի կատարէ», աւելցուց ան:
«Ընկերութեան մէջ բոլորը իրենց իրաւունքները կը վայելեն, եւ քիւրտերը երկրի բոլոր կողմերուն մէջ հաւասարութեան մէջ կ՛ապրին», նշեց Արեֆ:
Նեթանիահու. «Իրանի Դէմ Պատերազմը Տակաւին Չաւարտեցաւ»
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու զգուշացուց, որ Իրանի դէմ պատերազմը «տակաւին չէ աւարտած»` ընդգծելով, որ շարունակուող հարուածները կը տկարացնեն իրանեան վարչակարգը:
Նեթանիահու յայտնեց. «Մեր ձգտումն է, որ իրանցի ժողովուրդը ձերբազատուի բռնատիրութենէն, եւ վերջաւորութեան հարցը իրենցմէ կախեալ է: Սակայն անկասկած, մեր մինչեւ հիմա որդեգրած քայլերուն ճամբով անոնց ոսկորները կը կոտրենք, եւ տակաւին չաւարտեցինք»:
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահեր իր կարգին նշեց. «Երբ պատերազմին վերջ տալու յարմար ժամանակը գայ, Ուաշինկթընի հետ պիտի խորհրդակցինք»:
Ան նաեւ նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը ըսած է, թէ պատերազմը այս շաբաթ պիտի չաւարտի:
Գերմանիոյ Վարչապետ. «Իրանեան Հողերու Մասնատումէն Եւ Անվերջ Պատերազմէն Որեւէ Շահ Չունինք»
Գերմանիոյ վարչապետ Ֆրետրիխ Մերց յայտնեց, որ Իրանի դէմ ամերիկեան-իսրայէլեան պատերազմին մէջ վտանգաւոր մագլցում մը տեղի կ՛ունենայ:
«Յստակ է, թէ այս պատերազմը արագօրէն աւարտելու հասարակաց ծրագիր մը գոյութիւն չունի», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Այս պատերազմը արագօրէն եւ վճռականօրէն աւարտելու հասարակաց որեւէ ծրագիրի բացակայութենէն մտահոգ ենք»:
«Անվերջ պատերազմէն որեւէ շահ չունինք, հողային ամբողջականութեան խաթարումէն որեւէ շահ չունինք», նշեց Գերմանիոյ վարչապետը:
«Կը բաժնենք այս պատերազմը շուտով աւարտելու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի յոյսը», յայտնեց ան:
Գերմանիոյ վարչապետը նաեւ նշեց. «Եթէ այդ մէկը տեղի ունենայ, Ռուսիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցներու մեղմացումը քննարկելու կարիք չկայ»:
Քոսթա. «Մինչեւ Հիմա Միջին Արեւելքի Պատերազմէն Միակ Շահողը Ռուսիան Է»
Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Քոսթա յայտնեց. «Մինչեւ հիմա Միջին Արեւելքի պատերազմէն միակ շահողը Ռուսիան է, ուժանիւթի գիներու բարձրացման եւ Ուքրանիոյ դէմ պատերազմին նկատմամբ հետաքրքրութեան նահանջով»:
«Մինչեւ հիմա այս պատերազմին մէջ մէկ յաղթական մը կայ, անիկա Ռուսիան է», շեշտեց Քոսթա:
Եւրոպական խորհուրդի նախագահը անհրաժեշտ նկատեց, որ Եւրոպական Միութիւնը պաշտպանէ կանոններու վրայ հիմնուած միջազգային համակարգը, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ մարտահրաւէր կը դիմագրաւէ:
Ան ընդգծեց Միջին Արեւելքի մէջ բոլոր կողմերուն բանակցութեան սեղան վերադառնալու կարեւորութիւնը:
«Ազատութիւնն ու մարդու իրաւունքները ռումբերով չեն կրնար իրականացուիլ, միայն միջազգային օրէնքն է, որ զանոնք կը պաշտպանէ», ըսաւ Քոսթա:
«Պէտք է խուսափինք յաւելեալ մագլցումէ, որովհետեւ այդպիսի ուղի մը Միջին Արեւելքը, Եւրոպան ու ամբողջ աշխարհը կը վտանգէ», յայտնեց Եւրոպական խորհուրդի նախագահը:
Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը հաղորդեց, որ մայրաքաղաք Թեհրանի մօտ վար առած է իսրայէլեան «Հերոն» տիպի անօդաչու թռչող սարք մը:
«Սի.Էն.Էն.» հաղորդեց, որ Իրանի բարձր համեմատութեամբ հարստացուած իւրանիոմի պահեստի գրաւումը ամերիկեան ցամաքային մեծ ուժեր պիտի պահանջէ:
Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մաժետ Անսարի երէկ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց. «Քաթարի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ապահովական գործընկերութիւնը քննարկումի նիւթ չէ»:
Ալպանեզ. «Աւստրալիացիներուն Օգնելը Նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն Օգնել Կը Նշանակէ»
Աւստրալիոյ վարչապետ Անթոնի Ալպանեզ յայտարարեց, որ իր երկիրը Ծոցի մէջ չորս շաբաթ տեւողութեան նախնական ժամանակի համար հեռահաս հետախուզական օդանաւեր պիտի տեղակայէ` քաղաքայինները պաշտպանելու համար:
Ան նշեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ 24 հազար աւստրալիացիներ կը բնակին, եւ «աւստրալիացիներուն օգնելը նաեւ կը նշանակէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն եւ Ծոցի մնացեալ երկիրներուն անարդարանալի յարձակումներու դէմ իրենք զիրենք պաշտպանելու օգնել»:
«Կառավարութիւնս յստակ էր, թէ Իրանի դէմ յարձակողական քայլեր չ՛որդեգրեր, եւ նաեւ յստակացուցինք, թէ Իրանի հողերուն վրայ աւստրալիական ուժեր չենք տեղակայեր», նշեց Աւստրալիոյ վարչապետը:
Տնտեսական Հետեւանքներ
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի այն յայտարարութենէն ետք, թէ Իրանի հետ պատերազմը շուտով պիտի աւարտի, եւրոպական կազի գինը 15 առ հարիւրով նուազեցաւ:
«Պլումպըրկ» հաղորդեց, որ Միջին Արեւելքի երկիրները քարիւղի իրենց առօրեայ արտադրութիւնը նուազեցուցած են:
Քարիւղի սէուտական ԱՐԱՄՔՕ ընկերութեան գործադիր տնօրէն Ամին Նասեր յայտնեց. «Հորմուզի նեղուցը երկար ատենով փակ պահելը կրնայ քարիւղի համաշխարհային շուկաներուն վրայ աղէտալի հետեւանքներ ունենալ»:
«Հակառակ այն իրողութեան, որ անցեալին վերիվայրումներ դիմագրաւած ենք, սակայն այս տագնապը մեծ տարբերութեամբ մեծագոյնն է, որ շրջանին մէջ քարիւղի եւ կազի մարզը երբեւէ դիմակայած է», նշեց ան:
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ուժանիւթի միջազգային կազմակերպութիւնը ռազմավարական պահեստներու հարցով արտակարգ ժողով մը հրաւիրած է:
Իսրայէլեան Պատկերասփիւռի 12-րդ Կայան. «Իրան Ջանք Կը Թափէ Ռուսիոյ Եւ Չինաստանի Միջամտութեան Համար»
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ Իրանը ջանք կը թափէ Ռուսիոյ եւ Չինաստանի միջամտութիւնը ապահովելու համար` Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ իր դէմ մղուող պատերազմին լոյսին տակ հաւասարակշռութիւն ստեղծելու նպատակով:
Պատկերասփիւռի կայանը նշեց, որ Ռուսիան եւ Չինաստանը Իրանի համար տեղեկութիւններու փոխանակման եւ զինուորական սարքերու աղբիւրներ են:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի կայանը նաեւ յայտնեց, որ Իսրայէլ եւ Միացեալ Նահանգներ յառաջիկայ օրերու կռիւի ծրագիրներ մշակած են, մինչ գոյութիւն ունին գնահատումներ, թէ պատերազմը շուրջ 5 յաւելեալ շաբաթներ կրնայ տեւել:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը կը հաղորդէ, որ իսրայէլեան բանակը կը նախատեսէ, որ յառաջիկայ օրերու կամ շաբաթներու ընթացքին պիտի կարենայ վերջ տալ Իրանի հրթիռներու արձակման համակարգի կարողութեան, հակառակ այն իրողութեան, որ իրանցիներու կողմէ թեւաւոր հրթիռներու արձակումը գրեթէ հաստատ կշռոյթով կը շարունակուի:
Պատկերասփիւռի կայանը նշեց, որ ծրագիրը կը կեդրոնանայ հրթիռներու արձակման հարթակներու ոչնչացման եւ այլ հարթակներ իբրեւ ժամանակաւոր լուծում օգտագործման արգիլման վրայ, առ ի պատրաստութիւն յարձակումներու շղթայազերծման եւ անոնց ամբողջովին քանդման: