Թրամփ-Փութին «Շատ Լաւ Դրական Զրոյց»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ լրագրողներուն ըսած է, որ «շատ լաւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն» ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ` Ուքրանիոյ եւ Միջին Արեւելքի հակամարտութիւններուն վերաբերեալ: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

«Նախագահ Փութինի եւ նախագահ Զելենսքիի միջեւ հսկայական ատելութիւն կայ: Անոնք, կարծես, չեն կրնար համաձայնութեան գալ, սակայն կը կարծեմ, որ ատիկա դրական հեռաձայնային հաղորդակցութիւն էր այդ թեմայով», ըսած է Թրամփ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը նշած է, որ Փութին «կ՛ուզէ օգտակար ըլլալ» Իրանի հակամարտութեան հարցին մէջ:

«Ես ըսի, որ դուք կրնաք աւելի օգտակար ըլլալ` աւարտելով Ուքրանիա-Ռուսիա պատերազմը: Ատիկա աւելի օգտակար պիտի ըլլայ», նշած է Թրամփ:

«Ազատութիւն» կը նշէ, որ Ռուսիոյ նախագահի արտաքին քաղաքականութեան օգնականը յայտարարած է, թէ Փութին «իրանեան հակամարտութեան արագ եւ դիւանագիտական աւարտի» համար գաղափար առաջարկած է:

Leave a Comment