Ֆին Կերակուսեան Հրաւիրուեցաւ Հայաստանի Հաւաքական

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբը մարտ ամսուան ընթացքին պիտի ունենայ երկու բարեկամական փորձ-մրցումներ` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու (26 մարտ) եւ Պիելոռուսիոյ (29 մարտ) դէմ:

Գլխաւոր մարզիչ Եղիշէ Մելիքեան ընտրեց 10 մարզիկներ, որոնք օտար երկիրներու մէջ փայլուն արդիւնքներ ձեռք կը ձգեն:

Մնացեալ անդամները, որոնք կը մասնակցին Հայաստանի բարձրագոյն դասակարգին, պիտի յայտարարուին աւելի ուշ:

Ցուցակի գլխաւոր նորութիւնն էր անգլիական Սանտերլենտ ակումբի 18 տարեկան յառաջապահ Ֆին Կերակուսեանը, որ առաջին անգամ ըլլալով հրաւիրուած է ազգային խումբ:

Կերակուսեան, որ ծնած է Անգլիոյ Տարհեմ քաղաքին մէջ, Սանտերլենտէն ոչ շատ հեռու, 12 տարեկանէն կը խաղայ Սանտերլենտի հետ, ուր ակադեմիայի խումբին հետ փայլելէ ետք միացած էր 18 տարեկանէն վար խումբին: Անոր ֆիզիքական ներկայութիւնը եւ թեքնիքով հարուստ հմտութիւնը իրեն առիթ տուաւ խաղալու նաեւ 21 տարեկանէն վար խումբէն ալ: Ան 9 մրցում կատարած է 18 տարեկանէն վար խումբին հետ եւ նշանակած 8 կոլ, մինչ 21 տարեկանէն վար խումբին հետ 13 մրցում կատարած է` նշանակելով 4 կոլ եւ 2 էսիսթ:

2026-ի յունուարէն ան առաւելաբար կը ներկայանայ 21 տարեկանէն վար խումբին հետ, ուր կրցաւ 5 յաջորդական մրցումներ յաղթել եւ 2 հաւասարութիւն արձանագրել` օգնելով Սանտերլենտին, որ հասնի «Փրեմիեր լիկ քափ»-ի կիսաւարտական, ինչպէս նաեւ ախոյեանութեան մրցումներուն 24-րդ դիրքէն բարձրանայ 13-րդ դիրք:

2024-ին ան հրաւիրուած էր 19 տարեկանէն վար հաւաքական, ուր երկու մրցումներ կատարած էր` նշանակելով 1 կոլ: 2025-ին ան միացած էր 21 տարեկանէն վար երիտասարդներու խումբին, ուր Եուրոյի զտումի երկու մրցումներու մասնակցած է Մոնթենեկրոյի (28 վայրկեան) եւ Շուէտի (60 վայրկեան) դէմ:

Երկու տարուան ընթացքին ան պատանիներու ազգային խումբէն բարձրացաւ հիմնական հաւաքական 18 տարեկանին: Դաշտի վրայ 194 սմ հասակով եւ տոկուն կազմով ան շատ աւելի երէց մարզիկի տուեալներ ցոյց կու տայ:

Ստորեւ կը ներկայացնենք հաւաքականին միացող 10 մարզիկները.

– Էտուարտ Սփերձեան (Կրասնոտար, Ռուսիա)
– Գէորգի Յարութիւնեան (Փուշքաշ Ակադեմիա, Հունգարիա)
– Ստիոփա Մկրտչեան (Նիւրեմպերկ, Գերմանիա)
– Նայիր Թիքնիզեան (Կարմիր աստղ Պելկրատ, Սերպիա)
– Վահան Բիչախչեան (Լեկիա Վարշաւա, Լեհաստան)
– Հրանդ-Լէոն Ռանոս (Այնթրախթ Պրաունշվայկ, Գերմանիա)
– Արթուր Միրանեան (Պնէյ Սախնին, Իսրայէլ)
– Նարեկ Գրիգորեան (Ֆարոշ, Ռումանիա)
– Ֆին Կերակուսեան (Սանտերլենտ, Անգլիա)
– Արտեոմ Բանդիկեան (Մոսկուայի բանակայիններ, Ռուսիա)

Յիշեցնենք, որ Հայաստանի բարձրագոյն դասակարգին մաս կազմող ֆութպոլիստներու ցանկը պիտի հրապարակուի աւելի ուշ:

 

Leave a Comment