Ռուսիայէն հացահատիկով բեռնաւորուած վակոնները երէկ Ազրպէյճանի տարածքով ուղարկուած են Հայաստան: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն»-ը:
Ազրպէյճանի պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան համաձայն, Հայաստան ուղարկուած է 488 թոն հացահատիկով բեռնաւորուած 7 վակոն:
ԱՓԱ կը նշէե որ երէկուան դրութեամբ Ազրպէյճանի տարածքով Ռուսիայէն Հայաստան ուղարկուած է աւելի քան 21 թոն հացահատիկ:
Անցեալ տարուան հոկտեմբերին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց. «Ազրպէյճան չեղեալ նկատած է Հայաստանի ապրանքներու տարանցման արգելքը»:
Նոյեմբերին Ազրպէյճանի տարածքով Հայաստան տեղափոխուեցաւ ռուսական եւ ղազախական ցորեն: