Միացեալ Նահանգներ Կը Դատապարտեն Ազրպէյճանի Վրայ Իրանի Յարձակումը

Միացեալ Նահանգներ կը դատապարտեն Իրանի անօդաչու թռչող սարքի Ազրպէյճանի վրայ յարձակումը: «Ազատութիւն» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան փոխբանբեր Թոմաս Պիկըթ:

«Միացեալ Նահանգները խստօրէն կը դատապարտեն 5 մարտին Իրանի վարչակարգին կողմէ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան վրայ անօդաչու թռչող սարքով կատարուած չհրահրուած յարձակումը, որուն թիրախը Նախիջեւանի միջազգային օդակայանն ու մանկապարտէզն էին, այդ պատճառով ալ վիրաւորուած էին անմեղ քաղաքացիներ եւ վնասուած կարեւորագոյն քաղաքային ենթակառոյցները», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Ըստ յայտարարութեան, այս հարուածները Ազրպէյճանի գերիշխանութեան կոպիտ խախտում են, «Միացեալ Նահանգները լիակատար համերաշխութիւն կը յայտնեն Ազրպէյճանին այս սպառնալիքներուն դէմ: Շրջանին մէջ մեր գործընկերներու տարածքի վրայ յարձակումները անընդունելի են եւ պիտի հանդիպին այդ գործընկերներուն աջակցութեան»:

Միւս կողմէ, իրանեան «Խաթեմ Անպիա» զինուորական կեդրոնի բանբերը յայտարարեց. «Ազրպէյճան պէտք է վտարէ սիոնականները` իր ժողովուրդին ու մեր ժողովուրդին վտանգի ենթարկուիլը կանխարգիլելու համար»:

Իրանեան բանակի սպայակոյտը իր կարգին Ազրպէյճանին կոչ ուղղեց` իր տարածքէն հեռացնելու իսրայէլացի զինուորները` աւելցնելով, որ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները «վտանգի կ՛ենթարկեն իրենց սեփական ժողովուրդի անվտանգութիւնը»:

Leave a Comment