Ռուսիան Թեհրանին եւ Պաքուին կոչ կ՛ուղղէ զերծ մնալու չմտածուած քայլերէն եւ շրջանին մէջ նոր բաժանարար գիծեր ստեղծելէ: Այս մասին ըսած է Մարիա Զախարովա` անդրադառնալով Նախիջեւանի վրայ իրանեան անօդաչու թռչող սարքի յարձակումին:
Զախարովա նշած է, որ Ռուսիան պատրաստ է օգնելու Միջին Արեւելքի մէջ արիւնահեղութեան դադրեցման ուղիներ գտնելու: