Բռնցքամարտ. Պատերազմը Խափանեց Հայաստանի Ազգային Խումբի Ծրագիրները

Հայաստանի բռնցքամարտի երիտասարդներու ազգային խումբը, գլխաւոր մարզիչ Կարէն Աղամալեանի ղեկավարութեամբ, հասաւ Թայլենտի մայրաքաղաք Պանքոք, ուր պիտի մասնակցի «Ֆիուչըրզ Քափ» 19-էն վար միջազգային մրցաշարքին: Այս մրցաշարքը զտումի մրցաշարք է եւ պարտադիր փուլ` 2026-ի պատանիներու Ողիմպիական խաղերու մրցաշարքին ընդառաջ:

Սկզբունքով Հայաստան պիտի մասնակցէր հինգ Ողիմպիական կշիռի կարգերուն` շատ աւելի մասնակցութիւն բերելու նպատակով, բայց Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող պատերազմին պատճառով խումբը փոխադրուելու լուրջ հարցեր ունեցաւ:

Նախապէս ապահովուած օդանաւի տոմսերը` Երեւան-Տուպայ-Պանքոք, ջնջուեցան, եւ այդ պատճառով 5 մարզիկներէն միայն 3-ը կրցան հասնիլ Պանքոք:

Հայաստանի բռնցքամարտի ֆետերասիոնին համաձայն, ֆետերասիոնի նախագահ Յովհաննէս Յովսէփեանի անձնական կապերուն եւ սեփական միջոցներուն շնորհիւ կարելի եղած է ձեռք ձգել ընդամէնը 4 տոմս` Երեւան-Մոսկուա-Պանքոք գիծով: Դժուար որոշում էր, բայց ֆետերասիոնը ստիպուած ղրկած էր Եւրոպայի ախոյեան երեք մարզիկերը եւ գլխաւոր մարզիչը:

Տիգրան Կիրակոսեան (50 քկ), Կարէն Զախարեան (60 քկ) եւ Սուրէն Կատվալեան (65 քկ) Կարէն Աղամալեանի (մարզիչ) հետ պիտի ներկայացնեն Հայաստանը:

Մրցաշարքը կը սկսի այսօր եւ կ՛աւարտի 15 մարտին:

Leave a Comment