Բռնցքամարտ. Տիգրան Մաթեւոսեան 2 Մրցում Յաղթեց Եւ Դարձաւ Ախոյեան

Տիգրան Մաթեւոսեան, որ «Պրուքլին» անունով ծանօթ է, դարձաւ «Ֆորս Էֆ. Սի.» ընդդէմ «Փրայմ Էֆ. Սի.» մրցաշարքի կրան-փրիի ախոյեան, նոյն երեկոյի ընթացքին երկու մենամարտ եւ երկու յաղթանակ արձանագրելով առանց ձեռնոցներու մրցումներուն:

Կիսաւարտականին Մաթեւոսեան պարտութեան մատնելէ ետք Եաքով Պուքինը` իրաւարարներու միաձայն որոշումով, քանի մը ժամ ետք վերադարձաւ ռինկ եւ այս անգամ մրցեցաւ Մուսթաֆա Շարիֆովի դէմ:

Մաթեւոսեան 29-28 երեք իրաւարարներու արդիւնքով կրցաւ յաղթել մրցումը եւ կրան փրին: Ան մենամարտէն ետք յայտնեց, որ առանց ձեռնոցներու երկու մենամարտ կատարելը քանի մը ժամուան ընթացքին շատ դժուար էր: «Շատ դժուար էր, բայց չէի ուզեր յուսախաբ ընել իմ համակիրներս ու լիկան, եւ կարելիս ըրի աւարտական մրցումին ալ յաղթելու», ըսաւ ուժաթափ Մաթեւոսեան:

Նոյն մրցաշարքին գծով, Վահէ Սարուխանեան իրաւարարներու միաձայն որոշումով կրցաւ պարտութեան մատնել Մուսլիմ Ապտուլայեւը` առանց ձեռնոցներու բռնցքամարտի մրցումներուն:

Այս մենամարտը եղաւ Սարուխանեանի երկրորդ ելոյթը առանց ձեռնոցներու: Ան նախապէս Երեւանի մէջ յաղթանակ արձանագրած էր «Հայփ Էֆ. Սի.» մրցաշարքին: Ասիկա Սարուխանեանի 28-րդ ելոյթն էր եւ 22-րդ յաղթանակը` 4 պարտութեան եւ 2 հաւասարութեան կողքին:

 

 

Leave a Comment