ՌԱՖ լիկան պաշտօնապէս յայտարարեց Արման Ծառուկեանի եւ Ճիորճիօ Փուլասի միջեւ վրէժի մենամարտի մասին: Մենամարտը տեղի պիտի ունենայ 28 մարտին Ֆլորիտայի ՌԱՖ 07 մրցաշարքի ընթացքին եւ պիտի կատարուի ազատ ոճի ըմբշամարտի կանոններով:
Սակայն այս մրցակցութեան շուրջ իրավիճակը բաւական աղմկոտ է: Մինչեւ օրս «վրէժի մրցում»-ը պաշտօնապէս յայտարարուած է երկու տարբեր լիկաներու մէջ տարբեր կանոններով:
Հայփ Պրազիլ Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի մէջ յայտարարած էր 11 մարտին տեղի ունենալիք «վրէժի մրցում»-ի մասին, որ տեղի պիտի ունենար Կրեփլինկի օրէնքներով, որոնք կը կիրարկուին խեղդելու հնարքով:
Այժմ Ռաֆ 07 յայտարարած է ազատ ոճի վրէժի մրցում` Ֆլորիտայի մէջ, 28 մարտին:
Թէ ճիշդ ի՛նչ պիտի ըլլայ եւ ինչպէ՛ս, մէկը չի գիտեր: Նախապէս Ծառուկեան յայտարարած էր, որ չի փափաքիր ազատ ոճի ըմբշամարտի կանոններով մրցիլ, այլ կրեփլինկի:
Իր կարգին, Փուլաս նշած է, որ պատրաստ է մենամարտելու միայն ՌԱՖ լիկային հետ:
Ծառուկեան հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած էր, որ Փուլաս Հայփ Էֆ. Սի.-ի վրէժի մրցումին համար պիտի ստանայ մրցանշային նիւթական եկամուտ, բան մը, որ աւելի մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց:
Աւելի ուշ սակայն, Փուլաս կը հրաժարի մասնակցելու Հայփ Պրազիլի մրցաշարքի կրեփլինկի մենամարտին: Փուլաս այս որոշումը տուած է ՌԱՖ լիկայի ղեկավար Չետ Պրոնշթէյնի խնդրանքով:
Սակայն մինչեւ օրս Հայփ Էֆ. Սի.-ն պաշտօնապէս չյայտարացեց մենամարտի ջնջումին մասին, այլ ընդհակառակն` աշխուժօրէն կը ծանուցէ ընկերային ցանցերուն վրայ:
Այսպէս, իրավճակը կը մնայ անորոշ: Փուլաս կը պնդէ, որ կրեփլինկի մենամարտը տեղի պիտի չունենայ, մինչ Հայփ Էֆ. Սի. կը շարունակէ ծանուցել անոր մասին, մինչ ՌԱՖ պաշտօնապէս յայտարարեց 28 մարտի ըմբշամարտի վրէժի մրցումը:
Եթէ վերջինիս համաձայն ըլլայ Ծառուկեան, շատ հաւանաբար ան Հայփ Պրազիլին պիտի ունենայ այլ մրցակից: