«Էմ. Էմ. Էյ.»-ի մարտիկ Ագիթ Համադեան կարեւոր յաղթանակ տարաւ «Հեքզակոն Էմ. Էմ. Էյ. 41» մրցաշարքին ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Ֆրանսայի Սթրազպուրկ քաղաքին մէջ:
Թեթեւ կշիռի մրցումներու գծով Համադեան մրցում ունեցաւ նախապէս անյաղթ սերպ մարտիկ Սթեֆան Զուփարիչի դէմ: Մենամարտը եղաւ Հայաստանի ներկայացուցիչ Համադեանի ի նպաստ, ան իրաւարարներու միաձայն որոշումով յաղթեց:
Երեք ռաունտերէ ետք իրաւարարները Համադեանին շնորհեցին 29-28, 30-27 եւ 30-27 արդիւնք:
25 տարեկան Համադեան եզիտի է, ծնած` Հայաստանի մէջ, բայց այժմ կ՛ապրի Ֆրանսա: Այս յաղթանակը եղաւ անոր արհեստավարժ ասպարէզի 2-րդը:
Համադեանի առաջին արհեստավարժ ելոյթին (2025-ին) ան պարտութիւն կրած է Ամին Պուազզայէն «Տայնըմայթ Էմ. Էմ. Էյ. 3» մրցաշարքին, անկէ ետք ան տարած է երկու յաջորդական յաղթանակ: