Միրզոյեան Եւ Ֆիտան Քննարկած Են Միջին Արեւելքի Զարգացումները

Երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած են Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարները:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը հաղորդէ, որ Արարատ Միրզոյեանն ու Հաքան Ֆիտանը քննարկած են Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող զարգացումները` մտահոգութիւն յայտնելով իրավիճակի շարունակական սրման կապակցութեամբ:

Անոնք կարեւոր նկատած են շրջանին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան հաստատումը:

Աւելի կանուխ նոյն նիւթով հեռաձայնային հաղորդակցութիւն տեղի ունեցած էր Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ:

Leave a Comment