Մարզական Աշխարհէն. Պատերազմը Հարուած Կը Հասցնէ Մարզական Կեանքին` Կասկածի Տակ Դնելով Մեսսիի «Ֆինալիսիմա»-ն, Ռոնալտոյի Մրցումները Եւ «Ֆորմիւլա 1»-ի Օրացոյցը

Միջին Արեւելքի մէջ սկսած պատերազմը կասկածի տակ կը դնէ Լիոնել Մեսսիի, Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի եւ Լուիս Համիլթընի ելոյթները, որոնց օրացոյցին վրայ կային այցելութիւններ այդ երկիրները:

Այժմէն իսկ ջնջուեցան ճամբորդական օդանաւներու փոխադրութիւններ` ազդելով բազմաթիւ ելոյթներու վրայ, Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի կողմէ կատարուած յարձակումներէն ետք Իրանի վրայ, շաբաթ օր առաւօտեան ժամերէն ի վեր:

«Ֆորմիւլա 1»-ի կազմակերպիչներ, ինչպէս նաեւ ֆութպոլի գլխաւոր մրցումներու պատասխանատուներ արագ որոշումներ պէտք է տան` շարունակե՞լ, թէ՞ յետաձգել այդ մրցումները:

Միջինարեւելեան երկիրներ դարձած էին մարզական աշխարհի գլխաւոր կեդրոնները վերջին տասնամեակին, իբրեւ հիւրընկալ երկիրներ, նիւթական աղբիւրներ եւ սեփականատէրներ յայտնի ակումբներու, ինչպէս նաեւ փայլուն աստղերու հովանաւորներ:

Ժամանակը կ՛անցնի, եւ որոշում պէտք է տրուի ջնջելու կամ տեղափոխելու «Ֆինալիսիմա» ֆութպոլի սպասուած մրցումը, որ տեղի պիտի ունենար 27 մարտին, Քաթարի մէջ, Եւրոպայի ախոյեան Սպանիոյ եւ հարաւային Ամերիկայի ախոյեան Արժանթինի միջեւ: Այդ մրցումը առիթ պիտի ըլլար Լիոնել Մեսսիի համար տիտղոս մը եւս աւելցնելու իր տիտղոսներով հարուստ ասպարէզին վրայ:

Անցեալ կիրակի Քաթար առկախեց ֆութպոլի բոլոր մրցումները մինչեւ պատերազմի աւարտը… Արժանթին բարեկամական մրցում մը պիտի ունենար Քաթարի դէմ 31 մարտին:

Ռոնալտոյի Սէուտական Արաբիոյ Նասր ակումբը արդէն իսկ ազդուեցաւ այս պատերազմէն, երբ Ասիոյ «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցումները յետաձգուեցան: Ռոնալտոյի ակումբը այսօր Տուպայի մէջ մրցում պէտք էր ունենար:

«Ֆորմիւլա 1»-ի օրացոյցին վրայ յառաջիկայ ամիս 2 կրան փրիներ կան Պահրէյնի եւ Սէուտական Արաբիոյ մէջ: «Ֆորմիւլա 1» եւ իր խումբերը կը պատրաստուին շաբաթներ առաջ ճամբորդելով եւ փոխադրելով իրենց խումբերը եւ մեքենաները` սահմանափակելով ժամանակը արագ որոշում կայացնելով: «Էֆ. Այ. Էյ.», որ Ֆորմիւլա 1-ի պատասխանատու մարմինն է, կը նշէ, թէ կարեւորագոյնը ապահովութիւնն ու բարի կամեցութիւնն է:

Տղոց, թէ աղջկանց թենիսի, ինչպէս նաեւ կոլֆի մրցաշարքերը Միջին Արեւելքի մէջ նոր աւարտեցին իրենց մրցումները, եւ ամիսներ ետք անգամ մը եւս մարզիկները ելոյթներ պիտի ունենան:

Իրանի ֆութպոլի ազգային խումբը մօտ երեք ամիսէն ելոյթ պէտք է ունենայ 2026-ի Մոնտիալին Միացեալ Նահանգներու մէջ:

Կասկածներ կան, թէ Իրան կրնա՞յ մասնակցիլ Մոնտիալին, թէ՞ ոչ, կամ պիտի մասնակցի՞, թէ՞ ոչ: Իրանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Մեհտի Թաժ յայտնած էր, որ «շատ յոյսով պէտք չէ սպասել Իրանի մասնակցութեան մոնտիալին…»:

Նախապէս Միացեալ Նահանգներ առիթ տուած էին միայն մարզիկներուն` մասնակցելու Մոնտիալին, բայց ոչ համակիրներուն:

Նոյնիսկ եթէ կարգ մը մրցաշարքեր կամ մրցումներ տեղի ունենան, վտանգաւոր է մարզիկներու եւ խումբերու փոխադրութիւնները երկրէ երկիր, կամ դուրս գալու պատերազմի մթնոլորտին մէջ գտնուող երկիրներէն:

«Եու. Էս. Օփըն»-ի նախկին ախոյեան թենիսմեն Տանիլ Մետվետեւ օրինակ տակաւին խումբ մը այլ թենիսմեններու հետ կը սպասէ Տուպայէն դուրս գալու առիթի մը: Ան կիրակի օր շահած էր Տուպայի թենիսի մրցաշարքը, բայց իր ճամբորդութեան ուշացումով Քալիֆորնիոյ Ինտիըն Ուելզ մրցաշարքի յայտագիրը պիտի ազդուի:

Ճամբորդութեան դժուարութիւններու մէջ գտնուած են բազմաթիւ աթլեթներ, որոնք ձմեռնային Փարալիմփիք (հաշմանդամներու ողիմպիականի) խաղերուն պիտի մասնակցին այս ուրբաթ Իտալիոյ մէջ:

Միջին Արեւելքի ազդեցութիւնը վերջին 10 տարիներուն շատ զօրաւոր էր, ուր Սէուտական Արաբիոյ եւ Քաթարի նման երկիրներ հիւրընկալեցին մեծ թիւով կարեւոր մրցումներ եւ մրցաշարքեր:

Ֆութպոլի եւ «Ֆորմիւլա 1»-ի կողքին Քաթար պիտի հիւրընկալէ մոթորսիքլեթներու մոթոկրան-փրին, մարմնամարզութեան աշխարհի ախոյեանութիւնը, ինչպէս նաեւ «Տայմընտ լիկ» աթլեթիզմի հեղինակաւոր մրցաշարքը: Քաթար սեփականատէրն է «Չեմփիընզ լիկ»-ի տիտղոսակիր Փարիզ Սեն Ժերմենը:

Սէուտական Արաբիա, որ պիտի հիւրընկալէ 2034-ի Մոնտիալը եւ կը հովանաւորէ կոլֆի կարեւոր Լիվ-կոլֆ մրցաշարքը, ինչպէս նաեւ դարձաւ բռնցքամարտի աշխարհի թիւ 1 հովանաւոր երկիրը:

 

Leave a Comment