«Ազդակ»-ի Ծննդոցը Եւ Առաջին Թիւը – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Հայ մամուլի պատմութեան մէջ իր ուրոյն եւ անփոխարինելի  տեղն ու դերը ունի «Ազդակ» օրաթերթը:

«Ազդակ» հայ հասարակութեան համար եղաւ դպրոց եւ ազգային կեանքը համակարգելու եւ միաւորելու գործին մէջ անփոխարինելի դեր ունեցաւ, ինչպէս նաեւ հայապահպանման առաքելութեան առաջամարտիկը եւ ազգային պահանջատիրութեան պայքարի դրօշակիրը դարձաւ:

* * *

Լիբանանի հայութեան առաջին հայերէն թերթը` «Փիւնիկ», ծնունդ առաւ 1924 մարտին, իբրեւ օրկան Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին: «Փիւնիկ» հետագային անուանափոխուեցաւ եւ եղաւ «Նոր Փիւնիկ»: 1924-1926 եռօրեայ, յետոյ դարձաւ երկօրեայ: Նիւթական դժուարութեան պատճառով «Նոր Փիւնիկ»-ի հրատարակութիւնը դադրեցաւ 1927 փետրուարին, եւ լիբանանահայութիւնն ու սուրիահայութիւնը զրկուեցան հանրային կարծիքի արտայայտութեան միակ միջոցէն:

Լիբանանի գաղթական հայութիւնը ի վիճակի չէր մեծածախս մամուլ մը պահելու: Սակայն մամուլի անհրաժեշտութիւնը հրատապ խնդիր էր. բան մը, որ աւելի կը շեշտուէր եւ ստիպողական կը դառնար, մանաւանդ որ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրողներուն բռնագաղթը կը շարունակուէր: Թերթը միակ միջոցն էր` ժողովուրդը իրարու մօտեցնելու, հաղորդակցութեան մէջ դնելու, շփումներ ստեղծելու, ընդհանուր զարգացում ջամբելու եւ գաղթական հայութիւնը ծանօթացնելու նոր միջավայրին ու շրջապատին, կեանքին ու կացութեան, պաշտպանելու ժողովուրդին շահերը եւ վառ պահելու հայրենասիրութեան հուրը:

* * *

«Նոր  Փիւնիկ»-ի դադրեցումէն ետք Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, «Փիւնիկ»-ի եւ «Նոր փիւնիկ»-ի խմբագրական կազմի անդամ եւ վարչական գործերու պատասխանատու Հայկ Պալեան, խորապէս գիտակից մամուլի անհրաժեշտութեան, իր սեփական միջոցներով եւ յաղթահարելով բոլոր դժուարութիւնները, նախաձեռնեց նոր թերթի մը հրատարակութեան: Ծանր եւ պատասխանատու արկածախնդրութիւն մը, որ արժանացաւ մօտիկ քանի մը ընկերներու քաջալերանքին ու զօրակցութեան: Իր կարգին, Կեդրոնական կոմիտէն գործնական աջակցութիւն շնորհեց Հայկ Պալեանի:

Հայկ Պալեան Կեդրոնական կոմիտէէն գնեց «Նոր Փիւնիկ»-ի քանի մը սնտուկ հաշուող տառերը, քանի մը կտոր հինցած տպագրական գոյքերը եւ ձեռքի տպագրական փոքր մեքենան, եւ Ժողովրդային տան վարի յարկը, ձկնարանի փողոցին վրայ, աստիճաններու տակ գտնուող փոքրիկ խանութը խմբագրատուն-տպարանի վերածելով, շաբաթ, 5 մարտ 1927-ին

ձեռնարկեց «Ազդակ»-ի հրատարակութեան` չորս էջով, իբրեւ եռօրեայ, որ պիտի հրատարակուէր չորեքշաբթի եւ շաբաթ օրերը: Գինը` երեք դահեկան, իսկ տարեկան բաժանորդագին` 60 դահեկան ոսկեդրամ, վեցամսեայ` 35 դահեկան ոսկեդրամ: Արտասահմանի մէջ` տարեկան չորս տոլար, վեցամսեայ` 2,30 տոլար, իսկ Իրաքի եւ Պարսկաստանի մէջ` տարեկան մէկ անգլիական ոսկի: Թերթին հասցէն էր`

Aztag
Journal armenien
B. P. 587
Beyrouth Syrie

* * *

«Ազդակ»-ի առաջին թիւով լոյս տեսած խմբագրականը` «Մեր ուղին» խորագիրով, լաւագոյնս կ՛արտայայտէ թերթին հաւատոյ հանգանակը:

ՄԵՐ ՈՒՂԻՆ

«Եթէ ճիշդ է, որ իւրաքանչիւր օգտակար ձեռնարկ անհրաժեշտ պահանջէ մը կը ծնի,  «Ազդակ»-ի հրատարակութիւնը պէտք է ողջունուի խանդավառութեամբ:

Եւ եթէ վաւերական պիտի համարենք մեր ժամանակաշրջանի այն մտածողութիւնը, որ ազգերու քաղաքակրթութիւնը կը չափուի անոնց ունեցած մամուլով, եւ հաստատենք ազգային մեր յաւակնութիւնները այդ մարզին մէջ, իրաւունք ունինք համոզուելու, որ սուրիահայութիւնը չի կրնար մնալ առանց մամուլի:

«Մեր պայմաններուն մէջ ապրող ժողովուրդի մը համար մամուլի կենսական նշանակութիւնը շեշտել` կրկնել պիտի ըլլար այս ուղղութեամբ գրուածները հայ լրագրութեան մէջ: Միայն անհրաժեշտ է շեշտել այն պարագան, որ սուրիահայութիւնը արտասահմանի մէջ այն միակ հոծ գաղութն է, որ վերջին օրերս մնացած էր առանց թերթի:

«Ամերիկահայութիւնը, որ քանակով մեր գաղութը չ՛անցնիր, մօտ մէկ տասնեակ թերթեր կը հաշուէ իր մէջ: Նոյնն է պատկերը մեզմէ շատ աւելի փոքրաթիւ գաղութներու մէջ` Յունաստան, Ֆրանսա, Եգիպտոս եւ այլն: Բոլորն ալ ունին իրենց օրաթերթերը, հանդէսները եւ զանազան ձեւի հրատարակութիւնները:

«Այսօր ոչ ոք կրնայ ժխտել, որ շնորհիւ հայ մամուլին է, որ ամերիկահայութիւնը կրցած է պահել իր ազգային դիմագիծը: Այլապէս, առանց այդ մամուլին եւ զանոնք հովանաւորող հոսանքներուն, դժուար թէ ճանչնայինք այսօր ամերիկահայ գաղութին դէմքը:

«Պեսարապիոյ եւ Լեհաստանի հոծ գաղութները այլեւս պատմութեան կը պատկանին: Նոյն վտանգն է կանգնած մեր դիմաց` իր ահաւոր մերկութեամբ: Բոլոր գաղութները իրենց արժանի պատասխանը տուած են այս հարցին:

«Ինչո՞վ բացատրել սուրիահայ հակապատկերը:

«Ինչպէ՞ս պատասխանել քոյր գաղութներու հեգնանքին:

«Արդեօք թերթ արժեցնող ուժե՞րն է, որ կը պակսին, թէ՞ մեր հոծ գաղութը չէ հասած գիտակցութեան որոշ աստիճանի մը եւ կը մնայ որակով վար բոլոր այլ գաղութներէն:

«Ո՛չ մին, ո՛չ միւսը:

«Առաջին կէտին նպաստաւոր պատասխանը տուած է մօտիկ անցեալը: Իսկ երկրորդը որոշ արդարացումներու կը կարօտի:

«Սուրիահայութիւնը շատ հետաքրքրութեամբ թերթ կը կարդայ. այդ փաստ մըն է ժողովուրդի մարդոց համար:

«Ունի՞նք ընթերցող հասարակութիւնը: Պահանջքը բոլորին շրթներուն վրայ է:

«Ահա՛ ձեռնարկը:

«Առանց մեծ խոստումներու, բայց իր դերին խոր գիտակցութեամբ, «Ազդակ» կ՛իջնէ հայ լրագրական ասպարէզը:

«Հայ գիրովն ու մամուլով սկսաւ մեր ժողովուրդի վերածնութիւնը, նոյն միջոցները պիտի մնան կրկին գլխաւոր ազդակները վերջնական յաղթանակին համար:

«Ցրուած չորս ծագերուն, ենթակայ շա՜տ շատերու հալածանքին, մեր ժողովուրդը ճակատագրական օրեր կ՛ապրի:

«Եթէ ժամանակին պայքարը ազգային գիտակցութեան զարթնումին շուրջ էր, այսօր այդ պայքարը գոյութեան, լինել չլինելու շուրջ կը դառնայ: Բոլոր գաղութներու մէջ մեր խլեակները կաթիլ մը ջուր են` կոչուած կուլ երթալու անյատակ ովկիանոսին` անհամեմատ աւելի ուժեղ ազգերու ծոցին մէջ:

«Գոյութեան պայքարի ամենաուժեղ զէնքը փորձութեան այս օրերուն հայոց լեզուն է, որուն պահպանման եւ սերունդներու փոխանցման գլխաւոր խողովակը մամուլը պիտի մնայ: Անոր միջոցաւ է, որ հայրենազուրկ հայութիւնը պիտի ապրի իր անցեալը, պիտի ոգեկոչէ հին արժէքները, պիտի խանդավառուի ապագայի հեռանկարով: Իր կոչումին գիտակից մամուլն է, որ սատար հանդիսանալով բոլոր օգտակար ձեռնարկներուն, քննադատելով մեր կեանքի վատ արտայայտութիւնները` պիտի կերտէ մեր գոյութեան պայքարին յենարանները:

«Զուգընթաց այս բոլորին եւ անհրաժեշտ մամուլը պիտի բարձրացնէ հայ մարդու ինկած տրամադրութիւնները, պիտի վերականգնէ խորտակուած հաւատքը, պիտի ցոյց տալ, որ ժամանակաւոր է խաւարը, որ կը ծածկէ հայրենի հորիզոնները: Եւ անխուսափելիօրէն պիտի ստեղծուի այն հանգրուանը, ուր այս խաչեալ ժողովուրդը պիտի երթայ վար դնել դարերու իր տառապանքն ու բեռը:

«Ազդակ»-ը պիտի ձգտի արժեցնել մամուլի իսկական դերը` զոհելով անհատական շահը հասարակական շահուն:

«Անկախ ըլլալով հանդերձ որեւէ կազմակերպութենէ, անոր հրատարակիչները պարծանք պիտի սեպեն շեշտելու, որ պիտի տանին այն գիծը, որ անցնող եւ ներկայ ազատատենչ սերունդինն է եղած:

«Ընդհանուր, համահայկական ըմբռնումով, մեր ձգտումը պիտի ըլլայ` խորացնել անկախութեան գաղափարը, քարոզել զոհողութեան ոգին, վառ պահել հայրենիքի սէրը հոգիներուն մէջ:

«Իբրեւ գաղութ` պիտի աշխատինք ուժ տալ սուրիահայութեան ազգային կազմակերպութեան գործին, ցոյց տալ, որ ոչ մէկ դէպք յաջողած է կասեցնել ազգերու յառաջդիմութեան անիւը: Հեռու ամբոխային տրամաբանութենէ, գիտակից մեր ժողովուրդի եւ յոռի կողմերուն, այնուամենայնիւ, կը մնանք լաւատես` սուրիահայութեան ազգային կազմակերպութեան գործին վերաբերմամբ:

«Ազդակ»-ը, պիտի ձգտի հայելին ըլլալ բովանդակ սուրիահայ կեանքին:

«Անվերապահ պիտի ըլլայ մեր աջակցութիւնը բոլոր անոնց եւ այն գործերուն վերաբերմամբ, որոնք կոչուած են օգտակար հանդիսանալ մեր ժողովուրդին: Անխնայ պիտի ըլլանք նաեւ բոլոր անոնց եւ այն գործերուն վերաբերմամբ,  որոնք նպատակ կ՛ունենան վրդովել գաղութին կեանքը:

«Պարզ եւ որոշ է մեր ուղին:
«Իտէալը ամուր է մեր հոգիներուն խորը:
«Ճամբայ կ՛իյնանք աւիւնով եւ հաւատքով:
«Իսկ հաւատքը մեծագոյն երաշխիքն է յաջողութեան»:

* * *

Առաջին թիւի առաջին էջին վրայ, խմբագրականին կողքին, «Իտալիա եւ Թիւրքիա» խորագրեալ լուրն է, ուր կ՛ըսուի. «Վերջերս Անգլիոյ եւ Իտալիոյ միջեւ գոյացած գործակցութիւնը մեծ աղմուկ հանեց եւրոպական մամուլին մէջ եւ յուզեց թուրք հանրային կարծիքը: Թուրք մամուլը իրար անցաւ եւ զանազան բացատրութիւններ տուաւ այս գործակցութեան: Իսկ վերջին պահուն Ժընեւէն «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդած լուրը, ըստ որու,  Անգլիան Թուրքիոյ մէջ գործելու ազատութիւն տուած է Իտալիոյ, հաստատեց թուրք կառավարութեան կասկածները եւ պարզեց ֆաշիստ Իտալիոյ ծրագիրները»:

Երկրորդ էջով տրուած են «Քիւրտ ազգային շարժումը» խորագրեալ յօդուածը` Արմէն Սասունիի ստորագրութեամբ, ինչպէս նաեւ` հայաստանեան, գաղութահայ, Թուրքիոյ մասին եւ տեղական ամփոփ լուրեր:

Երրորդ էջով տրուած են` «Հետաքրքրական լուրեր» խորագիրով սիւնակ մը, միջազգային քաղաքական հեռագիրներ, հայերու Թուրքիա մեկնելու օրէնքին վերաբերեալ տեղեկութիւն,  ինչպէս նաեւ` Եգիպտոսի մէջ ամենամեծ ծխախոտի գործարանատէր Յովհաննէս Մաթոսեանի մահուան առիթով հակիրճ կենսագրական մը: Նաեւ` Պէյրութի սակարանը:

Չորրորդ էջով տրուած են քանի մը ծանուցումներ, եւ սկսած է «Կարմիր տունը» թերթօնը:

* * *

«Ազդակ»-ի շուրջ համախմբուեցան խումբ մը մտաւորականներ ու աշխատակիցներ: Տոքթոր Բ. Գուլաքեան եւ Արամ Սահակեան Հայկ Պալեանի գլխաւոր աջակիցները եղան: Արամ Սահակեան ստանձնեց խմբագրական աշխատանքին գլխաւոր բաժինը եւ առանց ակնկալութեան ու նիւթական վարձատրութեան` զօրավիգ հանդիսացաւ թերթին: Սկզբնական շրջանի գլխաւոր աշխատակիցները եղան` տոքթոր Սուրէն Սիլվա, Սիրան Զարիֆեան-Մարգարեան, Լութեր, Էլլեն Բիւզանդ, Սեպուհ Ստեփանեան, Ղազար Չարըգ, Նորայր, Յակոբ Սիմոնի, Ազատ եւ Տիգրան Փիրանեան: Թերթը թղթակցութիւններ կը ստանար` Հալէպէն, Դամասկոսէն, Թրիփոլիէն, Պաղեստինէն, Եգիպտոսէն, Լաթաքիայէն եւ Մուսա Լեռէն:

Անհրապոյր, փոքր, խոնաւ եւ փոշիներու մէջ կորսուած խմբագրատուն-տպարանին մէջ աշխատանքը կը սկսէր առտուան ժամը հինգին եւ կը տեւէր մինչեւ գիշերուան ժամը ինը: Գրաշարներ օրն ի բուն տառերը կը շարէին` իրարու քով բերելով բառերը, եւ տողերը կը կազմէին, տողերը յետոյ սիւնակներու կը վերածուէին, եւ էջը կը կազմուէր: Գրաշարներէն Յովնան Գալայճեան յետոյ գրաշարապետ եղաւ: Յաճախ խմբագիրներ եւս կ՛օգնէին գրաշարներուն` ապահովելու համար թերթին լոյս ընծայումը:

«Ազդակ» տպագրական մամուլ չունէր: Շարուածքը խմբագրատունէն տպարան կը փոխադուէր բեռնակիրի մը կռնակը: Կը պատահէր, որ փոխադրութեան ընթացքին ամբողջ էջ մը գետին թափէր. այդ պարագային աշխատակիցները մինչեւ լոյս պէտք էր նստէին, գիրերը կարգի դնէին, նորէն շարէին եւ կրկին բեռցնէին բեռնակիրին կռնակը:

«Ազդակ» կը տպուէր «Ուաթան» թերթի տպարանին մէջ: Նոյն տպարանին մէջ կը տպուէին նաեւ տեղական այլ թերթեր: Տպարանատէրը նախապատուութիւնը կու տար արաբերէն թերթերուն, որոնց տպագրութենէն ետք կը սկսէր «Ազդակ»-ի տպագրութիւնը:

Իր 100-ամեակը թեւակոխած «Ազդակ» օրաթերթը կը փորձէ առաւելագոյնս հաւատարիմ մնալ իրեն փոխանցուած աւանդին եւ շարունակել 99 տարիներ շարունակ այս թերթին համար իրենց կեանքն ու աչքի լոյսը նուիրաբերած վաստակաշատներուն ուղին:

 

 

Leave a Comment