Ֆութսալ. Հայաստանի Ազգային Խումբը` «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի 9-րդ Դիրքին Վրայ

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն հրապարակեց ֆութսալի ազգային խումբերու դասաւորումը, ուր Հայաստանի ազգային խումբը գրաւեց 9-րդ դիրքը` 1951,975 կէտ հաւաքելով:

Լաւագոյն տասնեակը կը գլխաւորէ Եւրոպայի փոխախոյեան Փորթուգալը, մինչ Եւրոպայի ախոյեան Սպանիա կը գրաւէ երկրորդ դիրքը: Ռուսիա կը գրաւէ երրորդ դիրքը, մինչ Ղազախստան Ուքրանիոյ դիրքը գրաւեց` 4-րդ եւ 5-րդ դիրքերը փոխանակելով:

Վրաստան, որ 8-րդ դիրքը կը գրաւէր, դուրս մնաց լաւագոյն 10-էն: Լաւագոյն 10-էն դուրս մնաց նաեւ Չեխիա, մինչ Հայաստան եւ Սլովենիա յաջորդաբար գրաւեցին 9-րդ եւ 10-րդ դիրքերը:

Leave a Comment