Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Թեհրանի Գործընկերներու Հետ

«Ազդակ» երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Թեհրանի գործընկերներուն հետ, որոնք փոխանցեցին.

– Քանի մը հայրենակիցներ կրած են նիւթական վնասներ:

– Դպրոցները կը շարունակեն փակ մնալ:

– Պայթումներու հետեւանքով վնասուած է «Արարատ» մարզաւանը, փշրուած են ապակիներ եւ պատերը` ճեղքուած:

– Համայնքի շտապ օգնութեան աշխատակիցներ կը շրջին հայկական թաղամասեր` հայ ընտանիքներու օժանդակութիւն ապահովելու նպատակով:

Անոնք փոխանցեցին նաեւ, որ Հայաստանի հետ սահմանը բաց է, սակայն զանգուածային հոսք չկայ:

Leave a Comment