«Ֆինալիսիմա»-ի Վայրը Կրնայ Փոխուիլ – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Սպանիոյ եւ Արժանթինի ֆութպոլի ֆետերասիոնները բանակցութիւններ կը վարեն «Ֆինալիսիմա-2026»-ի մրցումին վայրը փոխելու շուրջ: Հանդիպումը 27 մարտին Քաթարի մէջ տեղի պիտի ունենար, բայց Միջին Արեւելքի մէջ ստեղծուած բարդ իրավիճակին պատճառով երկու երկիրներու ֆութպոլի ֆետերասիոնները հանդիպումը այլ մարզադաշտ տեղափոխելու նպատակայարմարութիւնը կ՛ուսումնասիրեն:

Թէեւ պաշտօնական յայտարարութիւն առայժմ հրապարակուած չէ, բայց երկու կողմերը լրջօրէն կը մտածեն նախնական վայրի հարցը վերանայման ենթարկել:

Յիշեցնենք, որ աւելի կանուխ, Քաթարի ֆութպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ ծառայութիւնը յայտարարած էր, թէ պիտի յետաձգէ երկրին մէջ տեղի ունենալիք ֆութպոլի բոլոր մրցաշարքերուն հանդիպումները անորոշ ժամանակով:

 

Leave a Comment