Միրզոյեան Քալլասի Եւ Պարոյի Հետ Քննարկած Է Միջին Արեւելքի Իրավիճակը

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործերու ու անվտանգության քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Քայա Քալլաս հեռաձայնով քննարկած են Միջին Արեւելքի մէջ ստեղծուած իրավիճակը, ներառեալ մարդասիրական բնոյթի հարցերը:

Արտաքին գործոց նախարարութենէն կը յայտնեն, որ Արարատ Միրզոյեանը եւ Քայա Քալլասը ընդգծած են նաեւ յառաջիկայ միջոցառումներու եւ այցելութիւններու իրականացման եւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն օրակարգը յառաջ մղելու հարցին մէջ աշխուժ ներգրաւուածութիւնը:

Արտաքին գործոց նախարարը նաեւ իր ֆրանսացի պաշտօնակիցին` Ժան Նոել Պարոյի հետ քննարկած է միջինարեւելեան իրավիճակը, ինչպէս նաեւ համապատասխան գօտիներու մէջ գտնուող քաղաքացիներուն աջակցութեան ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները:

Leave a Comment