Միրզոյեան Երեւանի Պատրաստակամութիւնը Յայտնեց` Իրանին Մարդասիրական Աջակցութիւն Ցուցաբերելու

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան իր իրանցի պաշտօնակից Ապպաս Արաղչիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Երեւանի պատրաստակամութիւնը յայտնած է անհրաժեշտ որեւէ մարդասիրական աջակցութիւն ցուցաբերելու ուղղութեամբ: Ան նաեւ յոյս յայտնած է, որ ստեղծուած իրավիճակը դիւանագիտական հանգուցալուծում ստանայ, կը յայտնէ Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանատունը:

Ապպաս Արաղչի, անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի հարուածներուն, ըսած է, որ Իրան կը գտնուի լայնածաւալ պատերազմի մէջ: «Իրան պատրաստ է շարունակելու ինքնապաշտպանութիւնն այնքան, որքան անհրաժեշտ ըլլայ, ինչպէս նաեւ վրէժ լուծելու իր նահատակ առաջնորդի արեան համար», ըստ հաղորդագրութեան` ըսած է Արաղչի:

Leave a Comment