Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Խմբային Գեղեցիկ Խաղարկութիւն Կ՛որդեգրէ

ՀՄԸՄ Անթիլիասի պասքեթպոլի աղջկանց խումբը ուրբաթ օր շատ գեղեցիկ յարձակողական մրցումէ մը ետք 115-79 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սփորթինկ Պքեննայան` արձանագրելով տարեշրջանի ամէնէն բարձր արդիւնքը: Նախապէս Ազուր միայն կրցած էր 100 կէտերու սահմանը անցնիլ, այդ ալ Մթայլեպի դէմ անցեալ 21 փետրուարին (101-62):

ՀՄԸՄ Անթիլիասի 115 կէտերը շատ աւելի կրնային բարձր ըլլալ, մանաւանդ որ վերջին 4 վայրկեաններուն պահեստի մարզիկներուն առիթ տրուեցաւ խաղալու: Լատէյճա Ուիլիամս միայն 17 վայրկեան մասնակցեցաւ մրցումին, շատ հաւանաբար վաղուան Ազուրի դէմ մրցումին աւելի «Թարմ» ըլլալու համար, մինչ խումբին լիբանանցի մարզիկները արդէն իսկ օտարի մակարդակով ելոյթ ունեցան:

Մեղրի Թորոսեան 6 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց` ընդամէնը 30 կէտ նշանակելով 26 վայրկեաններու ընթացքին, մինչ Ամար Մանսուր թրիփըլ տապըլ իրագործեց` 18 կէտով: 14 ռիպաունտով եւ 11 էսիսթներով: Էնճըլ Պէյքըր 25 կէտ նշանակեց 3 յաջող 3 կէտնոց կողովներով, մինչ նոյնքան 3 կէտեր նշանակեցին Կապի Սաատ եւ Ռիմ Ղալի (16 կէտ):

Բոլոր մարզիկները լաւ ելոյթ ունեցան Սփորթինկ Պքեննայի դէմ, որ իր 2-րդ օտարն ալ փոխած էր: Քորին Քեմփպըլ (22 կէտ եւ 10 ռիպաունտ) եւ Խատիժա Պրաուն (19 կէտ եւ 9 ռիպաունտ) այժմ Պքեննայի օտարներն են փոխարինելով Իֆի Օքորոն եւ Ամինաթա Լին:

Օր մը ետք, Ռիատի փորձեց հասնիլ ՀՄԸՄ Անթիլիասի 115 կէտերուն, բայց ձախողեցաւ վերջին դիրքը գրաւող Մթայլեպի դէմ այդ արդիւնքին հասնիլ` անոր յաղթելով 114-74 արդիւնքով:

Ռեպեքքա Աքլ (36 կէտ) եւ Իթալի Լուքաս (30 կէտ) եղան Ռիատիի աստղերը: Վաղը ՀՄԸՄ Անթիլիաս պիտի մրցի Ազուրի դէմ, որ 68-43 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Պէյրութ Ֆըրսթը իր վերջին մրցումին:

Երթին ՀՄԸՄ Անթիլիաս 84-81 արդիւնքով պարտութեան մատնած էր Ազուրը` այս վերջինիս դաշտին վրայ, եւ վաղը կրնանք կրկնել յաղթանակը մեր դաշտին վրայ: Ազուր, որ այս տարեշրջանի միակ խումբն էր, որ կրցած էր յաղթել Ռիատիի (85-88), դիւրին մրցակից չէ եւ միայն 2 պարտութիւն կրած է ՀՄԸՄ Անթիլիասէն եւ Պէյրութ Ֆըրսթէն` (78-77) երթին:

Ստորեւ` 12-րդ հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքները եւ 13-րդ հանգրուանի յայտագիրը.

12-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ
Սփորթինկ Պքեննայա – ՀՄԸՄ Անթիլիաս 79-115
Էն. Էս. Էյ. – Ինմաա Տամուր 72-75
Ազուր – Պէյրութ Ֆըրսթ 68-43
Ռիատի – Մթայլէպ 114-74

13-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

ՎԱՂԸ
Ինմաա Տամուր – Սփորթինկ Պքեննայա

ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ
ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Ազուր
Էն. Էս. Էյ. – Ռիատի

ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ
Պէյրութ – Անդրանիկ

 

 

Leave a Comment