Միջին Արեւելքի Երկիրներուն Մէջ Հայաստանի Քաղաքացիութիւն Ունեցող Զոհեր Չկան

Այս պահու դրութեամբ Միջին Արեւելքի երկիրներուն մէջ զոհերու առումով Հայաստանի քաղաքացիներու գոյութեան վերաբերեալ տեղեկութիւններ չկան, տեղեկացուցած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Նախարարութիւնը նշած է, որ Իրանի եւ Իսրայէլի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնները եւ հիւպատոսական բաժինները դիմումներու մեծ թիւ չեն արձանագրած:

«Իրանի պարագային երբեմն առկայ են կապի խնդիրներ: Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնը կապի մէջ է նաեւ այլ երկիրներու համապատասխան գործընկերներու հետ` ըստ անհրաժեշտութեան Հայաստանի տարածքով տարհանման հարցին մէջ աջակցութիւն ցուցաբերելու համար», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

 

Leave a Comment