Այսօր ժամը 14:15-ին, Սաֆայի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի ֆութպոլի խումբը Գ. դասակարգի 11-րդ հանգրուանին գծով պիտի հիւրընկալէ Հարաքեթ Շապապը:
Ամէն ինչ մոռնալով տղաքը պիտի կեդրոնանան այս մրցումին վրայ` երթի (2-1) մրցումին նման յաղթելով մրցակիցին, որ կը գրաւէ Բ. խմբակին 8-րդ եւ վերջին դիրքը:
Այժմ դիրքերը կարեւոր չեն, կարեւորը 3 կէտերն են: Բազմաթիւ մարզիկներ 2 դեղին քարտեր ունին եւ ուշադիր պէտք է ըլլան 3-րդը չստանալու, որովհետեւ բոլորն ալ պէտք են մնացեալ 4 մրցումներուն, որոնց ընթացքին միայն յաղթելու համար պէտք է պայքարինք:
Միայն պայքարով է, որ խումբը կրնայ պահել Բ. դասակարգ բարձրանալու իր յոյսերը:
Պաշտպանողական գիծը պիտի կորսնցնէ Սլէյման Աքիլի պէս մարզիկ մը, որ անցեալ անարդար մրցումին չէր կրցած ինքզինք զսպել եւ հայհոյած էր իրաւարարին… աւելի ուշ պատժուելով 6 ամիս:
Թուաբանական հաշիւներով ամէն ինչ կարելի է… Պէտք է մրցում առ մրցում առնել ամէն մէկ քայլ:
Համակիրներէն կը սպասուի մեկնիլ Սաֆայի դաշտ` քաջալերելու տղաքը, որոնք պէտք ունին քաջալերանքի` վերստին ինքնավստահութիւն ձեռք ձգելու համար: