Արաղչի. «Ժընեւի Մէջ Լաւ Յառաջընթաց Արձանագրեցինք. Յաջորդ Նիստը` Մէկ Շաբաթ Ետք»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտարարեց, թէ «Ուաշինկթընի հետ բանակցութիւններու յաջորդ փուլը պիտի գումարուի մէկ շաբաթ ետք»` աւելցնելով. «Երկուշաբթի օր մասնագիտական մանրամասնութիւններու քննարկման համար թեքնիք բանակցութիւններ պիտի կատարուին»:

«Ասիկա Միացեալ Նահանգներու հետ ամէնէն լուրջ բանակցութիւններէն մէկն էր, եւ այսօրուան փուլը բոլոր փուլերուն մէջ լաւագոյնն էր», նշեց իրանեան դիւանագիտութեան պետը:

«Մեր պահանջները յստակ կերպով ներկայացուցինք ամերիկեան կողմին», ըսաւ ան` յայտարարելով. «Հիւլէական եւ պատժամիջոցներու վերացման թղթածրարներուն մէջ լաւ յառաջընթաց արձանագրեցինք: Կարգ մը կէտերու շուրջ համաձայնութիւն կայ, նաեւ` տարակարծութիւններ»:

«Այսօր օմանցի պաշտօնակիցիս` Պատր Պուսահիտիի եւ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան տնօրէն Ռաֆայէլ Կրոսիի ներկայութեամբ ամէնէն լուրջ եւ երկար բանակցութիւնները վարեցինք», աւելցուց ան:

«Միացեալ Նահանգներն ու Իրանը դիւանագիտական լուծման հասնելու համար աւելի լուրջ են, քան երբեւէ», յայտնեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարը:

«Երկուշաբթի օր Վիեննայի մէջ քննարկումներու ընթացքին փորձ պիտի կատարուի մեր պահանջներուն եւ Ուաշինկթընի պահանջներուն համահունչ թեքնիք շրջագիծ մը գոյացնել», ըսաւ Արաղչի:

Օմանի արտաքին գործոց նախարար Պատր Պուսահիտի իր կարգին յայտարարեց. «Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ նկատառելի յառաջընթացի արձանագրումէն ետք, Ժընեւի մէջ այսօրուան բանակցութիւնները աւարտեցան»:

«Բանակցութիւնները պիտի շարունակենք երկու պատուիրակութիւններուն իրենց երկիրներու պաշտօնատարներուն հետ խորհրդակցութիւններէն ետք», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Յառաջիկայ շաբաթ Վիեննայի մէջ թեքնիք քննարկումներ տեղի պիտի ունենան»:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Աքսիոս»-ին յայտնած է. «Ժընեւի մէջ Իրանի հետ հիւլէական բանակցութիւնները դրական էին»:

Leave a Comment