Վանս Կը Բացառէ Միջին Արեւելքի Մէջ Երկարատեւ Պատերազմի Կարելիութիւնը

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վանս Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահի օդանաւին մէջ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ մինչ Իրանի դէմ զինուորական հարուածներու ընտրանքը կը մնայ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի սեղանին վրայ, այդպիսի հարուածի մը Միացեալ Նահանգները Միջին Արեւելքի մէջ երկարատեւ հակամարտութեան մէջ ներքաշելը «բացառուած է»:

Վանս յայտնեց, որ չի գիտեր, թէ Թրամփի Իրանի վերաբերեալ որոշումը ի՛նչ պիտի ըլլայ, եւ գոյութիւն ունին զինուորական հարուածները` «ապահովելու համար, որ Իրան հիւլէական զէնք ձեռք պիտի չբերէ», կամ ալ «խնդիրը դիւանագիտութեան ճամբով» լուծելը:

«Այն գաղափարը, թէ Միջին Արեւելքի մէջ տարիներով եւ աւարտը անյայտ պատերազմի մէջ պիտի ըլլան… ատիկա բացառուած է», շեշտեց Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը:

Ան նշեց, որ Իրանի մէջ անցեալ տարուան գործողութիւնն ու յունուարին Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրոյի ձերբակալութիւնը «շատ յստակ ճշդուած էին»:

Իրաքի պատերազմին ընթացքին ծառայած Վանս ատենօք Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին մէջ յայտարարած էր, թէ Իրաքի մէջ Միացեալ Նահանգներու ներգրաւուածութեան վերաբերեալ իրեն սուտ խօսուած է, «Ուաշինկթըն Փոսթ»-ին յայտնեց, թէ տակաւին ինքզինք «արտաքին զինուորական միջամտութիւններուն նկատմամբ թերահաւատ» կը նկատէ, եւ ատիկա նաեւ կը վերաբերի Թրամփին:

«Կը կարծեմ, որ բոլորս ալ դիւանագիտական լուծումը կը նախընտրենք, սակայն ատիկա իրականութեան մէջ կախեալ է այն բանէն, թէ իրանցիները ի՛նչ կ՛ընեն եւ ի՛նչ կ՛ըսեն», յայտնեց Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը:

 

Leave a Comment