6 Նորագիրներ Անցան ՀՅ Դաշնակցութեան Շարքերը

Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, երէկ` հինգշաբթի, 26 փետրուար 2026-ի երեկոյեան, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութենէն 6 նորագիրներ անցան ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերը:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին անունով բացման խօսքը արտասանեց Եղիա Թաշճեան: Այնուհետեւ նորագիրներուն իր պատգամը ուղղեց երդման արարողութեան կնքահայր` ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեան: Պուլուզեան խօսքը նորագիրներուն ուղղելով ըսաւ, որ իրենց վճռակամութիւնը միանալու ՀՅ Դաշնակցութեան կամ ոչ ըսելու` որոշումի պահն է, եւ երդումը տալէ ետք այլեւս ետդարձի ճանապարհ չկայ: Պուլուզեան նշեց, որ դաշնակցականի երդում տալով նորագիրները դժուար առաքելութիւն կը ստանձնեն: Ան յայտնեց, որ նորագիրները այսպիսով դժուար առաքելութեան ուղի ընտրեցին, որովհետեւ ՀՅ Դաշնակցութիւնը եղած է այն կուսակցութիւնը, որ սերունդները ուղղորդած է դէպի ազատագրութեան գաղափարը:

«Հայաստանի եւ հայութեան ազատագրութեան համար» երդումը տալէ ետք, արցախեան ազատագրական պայքարի 38-ամեակին առիթով ԶՈՄ-ական 6 նորագիրներու սերունդը կոչուեցաւ «Արթուր Մկրտչեան» սերունդ:

Leave a Comment