Մարմնամարզութիւն. Արթուր Աւետիսեան Ոսկի Մետալ Շահեցաւ

2026-ի մարմնամարզութեան աշխարհի բաժակի մրցաշարքի առաջին հանգրուանը տեղի ունեցաւ Գերմանիոյ Քոթպուս քաղաքին մէջ:

Զտումի մրցումները յաջողութեամբ աւարտելէ ետք, Հայաստանի հաւաքականէն 4 մարզիկներ` Մամիկոն Խաչատրեան, Համլեթ Մանուկեան, Արթուր Աւետիսեան եւ Արթուր Դաւթեան հասած էին աւարտական հանգրուան:

Արթուր Դաւթեան կողը վիրաւորած էր եւ միայն օղակներու մրցումներուն մասնակցեցաւ` յենացատկի վարժութենէն հեռու մնալով:

Արթուր Աւետիսեան օղակներու վարժութեան նուաճեց ոսկի մետալ` հաւաքելով 14.366 կէտ, իր ետին ձգելով Ազրպէյճանի ներկայացուցիչ Նիքիթա Սիմինովը (14.000 կէտ) եւ Քամերոն Նելսընը (13.866):

Հայաստանի մետալներու հաշիւը աւելցաւ, երբ Մամիկոն Խաչատրեան նժոյգի վարժութեան արծաթ մետալ նուաճեց` ձեռք ձգելէ ետք 14.966 կէտ, չնչին տարբերութեամբ իտալացի ոսկի մետալակիր Կապրիելէ Թարկեթայէն (15.000): Երրորդ դիրքը գրաւեց Ղազախստանի ներկայացուցիչ Նարիման Ղուրպանով (14.933 կէտ):

2025-ի աշխարհի բաժակի տիտղոսակիրներ Արթուր Դաւթեան եւ Համլեթ Մանուկեան այս տարուան առաջին մրցաշարքին մնացին առանց մետալի:

Դաւթեան օղակներու վարժութեան մրցումներուն 6-րդ դիրքը գրաւեց (13.766 կէտ), մինչ Մանուկեան (14.166 կէտ) նժոյգի վարժութեան 7-րդ դիրքը գրաւեց:

Նշենք, որ 2026-ի աշխարհի բաժակի երկրորդ մրցաշարքը տեղի կ՛ունենայ 8 մարտին` Պաքուի մէջ (Ազրպէյճան), իսկ 3-րդ մրցաշարքը` Անթալիա (Թուրքիա), 12-էն 15 մարտին:

Leave a Comment