Աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութեան գծով, դարձի իր առաջին մրցումին, ՀՄԸՄ Անթիլիաս 64-81 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ինմաա Տամուրը, այս վերջինիս դաշտին վրայ (Շիյահ):
ՀՄԸՄ Անթիլիաս, որ «ցնցուած» էր Ռիատիի դէմ պարտութենէն, երթի իր վերջին մրցումին պէտք է ինքզինք գտնէ, մանաւանդ որ ունի լաւ մարզիկներ, որոնք սակայն միշտ բարձր մակարդակի մրցում չեն ունենար:
Այդ պատճառով ալ Ինմաա Տամուրի դէմ քիչ մը դանդաղ սկսելէ ետք, միայն երկրորդ կիսախաղին էր, որ ՀՄԸՄ Անթիլիաս կրցաւ իր խաղաձեւը պարտադրել եւ հանգիստ յաղթել:
Մրցումը բաւական հաւասարակշռուած էր առաջին մասին, բայց երկրորդ մասի առաջին 4 վայրկեաններուն, Ինմաա 5 կէտերով յառաջացաւ (29-24): Մարզիչ Մայքըլ Միքայէլեան թայմ-աութ առաւ, եւ խումբը իր ուժերը հաւաքելով երեք վայրկեաններու ընթացքին 8 կէտերով յառաջացաւ (29-37):
Կիսախաղին 7 կէտերով յառաջանալէ ետք (35-42) ՀՄԸՄ Անթիլիաս աւելի տիրապետեց մրցակիցին վրայ եւ մրցումը աւարտեց 81-64 արդիւնքով:
Էնճըլ Պէյքըր 23 կէտ եւ 6 էսիսթ ձեռք ձգեց: Ամար Մանսուրէն աւելի կը սպասուի, մանաւանդ իր անցեալ տարեշրջանի (Ազուրի հետ) մակարդակը տեսնելով: Ան 6 կէտ եւ 9 էսիսթ ձեռք ձգեց: Անոր կէտերու միջին հաշիւը 11 էր 8-6 ռիպաունտի կողքին:
Ան կրնայ Լիբանանի լաւագոյն մարզիկներէն մէկը ըլլալ, եւ այս մրցումները պէտք է իրեն յաւելեալ ինքնավստահութիւն տան: Ռիմ Ղալի բաւական լաւ ելոյթ ունեցաւ` նշանակելով 16 կէտ: Լատաժիա Ուիլիամս միջակ ելոյթ ունեցաւ` նշանակելով 13 կէտ:
Մրցակից խումբէն Ալեքսա Հարթ 14 կէտ եւ 3 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Սոնիա Սմիթ 18 կէտ նշանակեց եւ մրցումի վերջին 1,5 վայրկեանները չկրցաւ շարունակել 5 ֆաուլեր կատարելէ ետք: Ռանա Սաֆի 4 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց` 100 տոկոս յաջողութեամբ:
Վաղը երեկոյեան ժամը 20:30-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Անթիլիաս պիտի հիւրընկալէ Էն. Էս. Էյ.-ը: Երթին 59-89 արդիւնքով յաղթած էր ՀՄԸՄ Անթիլիաս, եւ կը սպասուի հանգիստ յաղթանակ մը եւս: