Ըստ «Աքսիոս»-ի. Միացեալ Նահանգներ-Իրան Բանակցութիւններ Ուրբաթ Օր, Եթէ…

Ամերիկեան «Աքսիոս» կայքը երէկ հաղորդեց. «Ուրբաթ օր Միացեալ Նահանգներ-Իրան բանակցութիւններ կրնան տեղի ունենալ, եթէ Իրան մօտ օրէն առաջարկ մը ուղարկէ»:

Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Աքսիոս» կայքին յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը պատրաստ է ուսումնասիրելու առաջարկ մը, որ Իրանին կ՛արտօնէ իւրանիոմի խորհրդանշական հարստացում կատարել, պայմանով որ ատիկա հիւլէական զէնք ձեռք բերելու կարելիութիւն չձգէ»:

Ամերիկեան կայքը նշեց. «Ասիկա ցոյց կու տայ, թէ Միացեալ Նահանգներուն ու Իրանին գծած կարմիր գիծերուն միջեւ գոյութիւն ունի, թէեւ չնչին առիթ մը հասնելու համաձայնութեան մը, որ կը սահմանափակէ իրանեան հիւլէական կարողութիւնները եւ պատերազմի ծագումը կ՛արգիլէ: Միեւնոյն ժամանակ, Թրամփին ներկայացուեցան զինուորական ընտրանքներ, որոնք կը ներառեն Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ Ալի Խամենէին ուղղակի կերպով թիրախաւորելը»:

«Թրամփ պատրաստ պիտի ըլլայ ընդունելու համաձայնութիւն մը, որ խորքային է եւ զայն կարելի է ներքին քաղաքականութեան մէջ ջատագովել», նշեց պաշտօնատարը` շեշտելով. «Եթէ իրանցիները կ՛ուզեն յարձակումը արգիլել, ապա պէտք է ներկայացնեն առաջարկ մը, որ կարելի չէ մերժել: Իրանցիները կը շարունակեն առիթը փախցնել: Եթէ խաղեր խաղան, ապա բաւարար համբերութիւն պիտի չըլլայ»:

Թրամփի բարձրաստիճան խորհրդականներէն մէկը «Աքսիոս»-ին յայտնած է. «Նախագահը տակաւին որոշում չտուաւ Իրանը հարուածելու, եւ կրնայ երբեք ատիկա չընել: Կրնայ վաղը արթննալ եւ ըսել. «Վերջ»` աւելցնելով, որ Փենթակոնը նախագահին շարք մը ընտրանքներ ներկայացուցած է:

«Անոնք իւրաքանչիւր բեմագրութեան ծրագիր մը ունին: Այդ բեմագրութիւններէն մէկը կը վնասազերծէ Խամենէին, անոր որդին եւ մոլլաները», նշած է Թրամփի բարձրաստիճան խորհրդականը:

Այլ աղբիւր մը իր կարգին նշած է. «Խամենէին ու անոր որդին ահաբեկելու ծրագիրը շաբաթներ առաջ Թրամփին ներկայացուեցաւ»:

Թրամփի մէկ այլ ականաւոր խորհրդականը «Աքսիոս»-ին յայտնած է, թէ Սպիտակ տան ղեկավարը «իր ընտրանքները բաց կը պահէ եւ կրնայ որեւէ պահու որոշել յարձակում շղթայազերծել:

 

Leave a Comment