Կալուզին Եւ Ռուսիոյ Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանը Քննարկած Են Ուքրանիոյ Ճգնաժամը Եւ Իրավիճակը Կովկասի Մէջ

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ մէջ Թուրքիոյ դեսպան Թանճու Պիլկիչի հետ: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ կարծիքներ փոխանակուած են Ուքրանիոյ ճգնաժամին շուրջ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ:

Պաշտօնական գրութեան մէջ նաեւ կը նշուի, որ քննարկուած է իրավիճակը Հարաւային Կովկասի մէջ, հաստատուած է «շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան շահերու համար հետագայ համագործակցութեան փոխադարձ ձգտումը»:

Ռուսական կողմի հաղորդումով` հանդիպումը տեղի ունեցած է դեսպանին նախաձեռնութեամբ:

 

Leave a Comment