Ըստ Իրանցի Բարձրաստիճան Պաշտօնատարի Մը. Իրան-Միացեալ Նահանգներ Անուղղակի Բանակցութիւնները` Մարտի Սկզբնաւորութեան

Իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Թեհրան ու Ուաշինկթըն տարակարծիք են պատժամիջոցները վերցնելու տարողութեան եւ մեքանիզմին շուրջ:

Պաշտօնատարը ըսաւ, որ պէտք է ճանչնալ հիւլէական զէնքերու տարածման դէմ պայքարի համաձայնագիրի ծիրին մէջ իւրանիոմ հարստացնելու Իրանի իրաւունքը` շեշտելով, որ իր երկիրը կառչած կը մնայ իր իրաւական իրաւունքներուն:

Իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու հետ անուղղակի բանակցութիւնները պիտի գումարուին մարտի սկզբնաւորութեան` նշելով, որ կարելիութիւն կայ ժամանակաւոր համաձայնութիւն ձեռք բերելու, եթէ յարմար պայմանները ապահովուին:

Ան շեշտեց, որ Իրան իր քարիւղի եւ հանքային հարստութիւնները Միացեալ Նահանգներուն պիտի չյանձնէ` միեւնոյն ժամանակ աւելցնելով, որ ամերիկեան ընկերութիւնները միշտ ալ կրնան իբրեւ պայմանագրեալներ գործել իրանեան քարիւղի եւ կազի դաշտերուն մէջ:

Միւս կողմէ, իրանցի պաշտօնատար մը «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ հանքերն ու քարիւղի դաշտերը Ուաշինկթընին յանձնելը սեղանի վրայ չէ եւ անտրամաբանական է:

Ան ըսաւ, որ բանակցութիւններուն ընթացքին բարձր մակարդակի հարստացուած իւրանիոմի պահեստը Իրանէն դուրս բերելու հարցը չէ քննարկուած, եւ հերքեց, թէ այդ թղթածրարը բանակցութեան սեղանի վրայ դրուած կէտերէն մէկն է:

Պաշտօնատարը նշեց, որ բանակցութիւններու ընթացքին կը քննարկուին Իրանի հիւլէական յանձնառութիւնները Ուաշինկթընի պատժամիջոցները ջնջելու յանձնառութեան դիմաց, ինչպէս նաեւ երկու կողմերուն միջեւ տնտեսական գործակցութեան հարցը:

«Բանակցութեան հոլովոյթը որեւէ յարձակումի պատրաստուելէ եւ շրջանին մէջ Ուաշինկթընի շահերը թիրախաւորող որեւէ ճակատումէն անջատ է», աւելցուց իրանցի պաշտօնատարը:

Leave a Comment