Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ Պշարրի գաւառին մէջ մարոնիական երկու աթոռներուն Սթրիտա Թոք -Ժահժահի եւ նախկին երեսփոխան Ժոզեֆ Իսհաքի թեկնածութիւնը առաջադրեց` ազդանշանը տալով գաւառին մէջ ընտրապայքարի պաշտօնական մեկնարկին:
«Այս ընտրութիւնները սովորական հոլովոյթ մը չեն, այլ պետութեան վերատիրացման եւ անոր գերիշխանութեան ամրապնդման առանցքային փուլ մը, եւ Պշարրին էր եւ միշտ պիտի մնայ պետութեան ծրագիրի պաշտպանութեան պարագլուխը», ըսաւ ան:
«Յառաջիկայ պայքարը ընտրանքներու մէջ յստակութեան, դիրքորոշման հաստատ մնալուն պայքարն է, ժողովրդային վստահութեան վերանորոգումն է քաղաքական հոլովոյթի մը նկատմամբ, որ գետնի վրայ բարգաւաճման եւ ազգային առումով իր ներկայութիւնը փաստեց», շեշտեց Ժահժահ` կոչ ուղղելով կուսակցական եւ ժողովրդային կարելի եղածին չափ ընդարձակ զօրաշարժի` երաշխաւորելու համար առաւելագոյն համեմատութիւնն ու մեծագոյն ընտրական շեմը:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավարը նաեւ պաշտօնապէս գաւառին մէջ ընտրական մեքենայի աշխատանքի մեկնարկը յայտարարեց: