Ըստ Քուէյթեան «Անպա» Օրաթերթին. Ամերիկացի Զինուորներ Վար Առած Են Բանակի Համաթի Ռազմակայանին Վերեւ Թռիչք Կատարող Անծանօթ Անօդաչու Թռչող Սարք Մը

Քուէյթեան «Անպա» օրաթերթը կը գրէ. «Անցեալ երկուշաբթի օր տեղի ունեցաւ ուշագրաւ դէպք մը, որուն մանրամասնութիւնները յայտնի դարձան հինգշաբթի օր: Հիւսիսային Լիբանանի Համաթ շրջանին մէջ` Հիւսիսի նահանգապետութեան տարածքին մէջ ինկած է լուսանկարման յատկացուած փոքր անօդաչու թռչող սարք մը, որուն տէրը անյայտ է եւ տակաւին չէ յայտնաբերուած: Նաեւ տակաւին յայտնի չէ, եթէ անօդաչու թռչող սարքը Համաթի մէջ օդուժի ռազմակայանը կը նկարէր կամ այլ նպատակով, թերեւս զբօսաշրջութեան նպատակով օդէն շրջանը կը լուսանկարէր»:

«Անպա»-ի բացառիկ տեղեկութիւններուն համաձայն, անօդաչու թռչող սարքը դանդաղ կերպով վար առնուած է ամերիկացի զինուորներու կողմէ, որոնք կը գտնուէին Համաթ ռազմակայանին մէջ, որ լիբանանեան բանակի ռազմակայաններէն մէկն է, ուր մերթ ընդ մերթ ամերիկեան զինուորական օդանաւեր էջք կը կատարեն` լիբանանեան բանակին սարքեր կամ ամերիկեան դեսպանատան համար սարքեր տեղափոխելով: Ռազմակայանին մէջ կայ շէնք մը, ուր կը բնակին ամերիկացի զինուորներ, որոնց թիւը չորս կամ հինգ է, եւ որոնք լիբանանեան բանակէն միաւորներ կը մարզեն, ժամանակ առ ժամանակ այլ զինուորներով կը փոխարինուին, եւ անոնցմէ ոմանք Աուքարի մէջ ամերիկեան դեսպանատան մէջ բնակելու կը տեղափոխուին:

Քուէյթեան օրաթերթը կը նշէ, թէ լիբանանեան բանակը հետաքննութիւն կը կատարէ եւ աշխատանք տարած է քաղաքապետին ու շրջանի բնակիչներուն մօտ հարցերը հանդարտեցնելու, որովհետեւ անոնք բախում ունեցած են ամերիկեան զինուորական խումբին հետ, որ ռազմակայանէն դուրս եկած է անտառային շրջանին մէջ ջախջախուած անօդաչու թռչող սարքը որոնելու համար:

 

 

Leave a Comment