Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը երէկ այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ:
Պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ երկու կողմերու դիրքորոշումները կը համընկնին, եւ յայտարարեց, թէ «բոլոր ուղղութիւններով» ընտրապայքարը միասին պիտի մղեն:
Ան յայտնեց, որ համաձայնութիւն գոյացած է, որ «ազգային երկեակը հարթակ մը ըլլայ, որ բոլոր մարտահրաւէրներու դիմակայման հիմք կը դնէ»:
Ռաատ նաեւ նախանձախնդրութիւն յայտնեց երկրի անվտանգութեան, կայունութեան եւ բնականոն կեանքին, ինչպէս նաեւ «բռնագրաւումի դիմակայման եւ մեր հողի ազատագրման» նկատմամբ: