Սալամ. «Քաղաքացիութեան Ճգնաժամը Անհատի` Իր Համայնքային Պատկանելիութենէն Անկախ Իրաւունքի Քաղաքական Ճանաչման Բացակայութիւնն Է»

Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ յայտնեց. «Կարելի է անցնիլ սահմանադրութեան 22-րդ յօդուածին մէջ նշուած երկպալատային խորհրդարանի դրութեան, որուն հիմամբ համայնքային ներկայացուցչութիւնը կը սահմանափակուի Ծերակոյտին մէջ եւ խորհրդարանը կ՛ազատի համայնքային սահմանափակումէն` ազգային մասնակցութիւնը ապահովելու, աւելի ճիշդ` քաղաքացիական մասնակցութիւնը ապահովելու համար»:

Սալամ «Քաղաքացիութիւնն ու պետութեան գերիշխանութիւնը. ներկայ իրավիճակն ու ապագայի հորիզոնները» խորագիրով խորհրդաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ. «Պէտք է դիմենք սահմանադրութեան 95-րդ յօդուածին եւ զայն ամբողջութեամբ, առանց մասնատման կամ աղաւաղման գործադրենք»:

«Քաղաքացիութեան աճումին խոչընդոտման պատասխանատուն քաղաքական համակարգն է, որ համայնքներուն ու անոնց դերակատարութեան վրայ կը կեդրոնանայ, թէկուզ անհատներու իրաւունքներու հաշուոյն», նշեց վարչապետը:

«Լիբանանի մէջ քաղաքացիութեան ճգնաժամը անհատի համայնքային իր պատկանելիութենէն անկախ ամբողջական իրաւունքներու բացակայութիւնն է», յայտնեց Սալամ:

 

Leave a Comment