Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սարմեն Բաղդասարեան 19 փետրուարին հանդիպում ունեցած է վարչապետ Նաուաֆ Սալամի Հետ: Այս մասին հաղորդեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան դիմատետրեան էջը:
Դեսպան Բաղդասարեան հանդիպումի ընթացքին վերահաստատած է հայկական կողմի յանձնառութիւնը երկկողմանի յարաբերութիւններու խորացման, համագործակցութեան նոր ուղղութիւններու իրականացման հարցին մէջ:
Վարչապետ Սալամ յաջողութիւն մաղթած է դեսպան Բաղդասարեանին իր առաքելութեան մէջ` դեսպանատան աջակցելու պատրաստակամութիւն յայտնելով: