Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան Տեսփինա Քուքուլոփուլուն եւ անոր հետ քննարկեց երկու բարեկամ երկիրները հետաքրքրող ընդհանուր հարցեր:
Պայրագտարեան գնահատեց Լիբանանի եւ Յունաստանի միջեւ տեւական լաւ յարաբերութիւնները եւ դեսպանին հետ քննարկեց երիտասարդութեան ու մարմնակրթութեան ոլորտներուն մէջ երկու երկիրներուն միջեւ գործակցութեան ոլորտներն ու հորիզոնները, ինչպէս նաեւ ծրագիրներ, որոնց նպատակը երկու երկիրներու երիտասարդներուն եւ մարզիկներուն ծառայելն է: