Երեսփոխան Թերզեան Օրինագիծ Կը Ներկայացնէ Թուային Մասնագիտացած Նիւթերու Տարածման Կազմակերպման Մասին

Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ երեսփոխան Յակոբ Թերզեան օրինագիծ մը ներկայացուցած է թուային մասնագիտացած նիւթերու հրապարակման կազմակերպման մասին:

Թերզեան իր օրէնսդրական այս քայլը կը հիմնաւորէ անով, որ ընկերային ցանցերու եւ հարթակներու արագընթաց տարածման պայմաններուն մէջ, այնպիսի ձեւով, որ անոնք ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամի առօրեայ կեանքին մէջ մտան, թուային համակարգը դարձած է հիմնական աղբիւր` տեղեկութիւններուն հաղորդ դառնալու եւ կարծիք ձեւաւորելու: Սակայն այս յառաջընթացը կ՛արձանագրուի արհեստավարժ կարգաւորումներու բացակայութեան, որպէսզի տարբերակուի անձնական կարծիքը մասնագիտական տեղեկութենէն:

Ներկայիս նաեւ գոյութիւն ունի ընկերային ցանցերու միջոցով տարածուող սուտ կամ ապակողմնորոշող տեղեկութիւններու երեւոյթը, մանաւանդ անոնք, որոնք կը ներկայացուին իբրեւ մասնագիտական խորհրդատուութիւններ կամ ցուցմունքներ բժշկական, իրաւաբանական, դրամական, կրթական եւ այլ մարզերու մէջ: Տրուած ըլլալով, որ այսպիսի տեղեկութիւններու տարածման համար անհրաժեշտ են օրինական կարգաւորումներ, երեսփոխան Թերզեան կը ներկայացնէ այս օրինագիծը, որուն գործադրութիւնը ոչ մէկ վնաս կը հասցնէ կարծիքի արտայայտութեան ազատութեան սկզբունքի էութեան:

Leave a Comment