Իսրայէլեան Յարձակում Այն Հելուէ Գաղթակայանին Վրայ

Իսրայէլեան բանակը երէկ կէսօրէ ետք յարձակում գործեց հարաւային Լիբանանի մէջ պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին վրայ:

Իսրայէլեան բանակի բանբեր Իլա Ուաուիէ յայտնեց. «Իսրայէլեան բանակը քիչ առաջ Հարաւային Լիբանանի Այն Հելուէ շրջանին մէջ յարձակում գործեց կեդրոնատեղիի մը վրայ, ուր կը գործէին Համասի անդամներ»:

Առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ յարձակումին հետեւանքով երկու զոհ արձանագրուած է: Նախքան այդ, պաղեստինեան աղբիւր մը «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած էր, թէ Այն Հելուէի Հըթթին թաղամասին մէջ Համասի գրասենեակը թիրախաւորուած է, եւ վիրաւորներ արձանագրուած են:

Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին հաղորդեց. «Հարաւային Լիբանանի մէջ Այն Հելուէի վրայ յարձակումը մարտանաւեր գործեցին»:

 

Leave a Comment